Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանն ու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովներուն միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի անդամները 7 Նոյեմբերին այցելած են Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանի եւ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանի ընկերակցութեամբ։

Արցախի խորհրդարանականները Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն անունով ծաղկեպսակ զետեղած են Հայոց Եղեռնի յուշակոթողին առջեւ եւ ծաղիկներ՝ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին շուրջ։
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելը իւրաքանչիւր հայու սուրբ պարտականութիւնն է: Ան ըսած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը առիթ է ազգային միասնական ծրագիրներ իրականացնելու համար։
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը Աշուտ Ղուլեանին նուիրած է գիրքեր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։