Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մեծ Բրիտանիոյ Լոնտոն քաղաքին մէջ կայացած «WTM-Excel London-2014” միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը Նոյեմբեր 6-ին աւարտած է աշխատանքը: Ցուցահանդէսին մասնակցած է նաեւ ԼՂՀ պատուիրակութիւնը, որ կատարած է լայնածաւալ քարոզչութիւն‘ Արցախի զբօսաշրջային ներուժը ներկայացնելով բրիտանական զբօսաշրջութեան շուկային:

Բացի տեղեկատուական նիւթեր տարածելէն, պատուիրակութիւնը կազմակերպած է գինիի համտես, ինչպէս նաեւ աւանդական ուտեստներու հիւրասիրութիւն‘ բազմապատկելով Արցախի տաղաւարին այցելուներու թիւը: Ըստ «Արմէնփրես”-ին՝ ԼՂՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը կը տեղեկացնէ, որ այս անգամ եւս ատրպէյճանական կողմը զերծ չէ մնացած իր համար աւանդական դարձած սադրանքներէն: Ցուցահանդէսի աշխատանքներու երկրորդ եւ վերջին օրերուն խումբ մը ատրպէյճանցի երիտասարդներ դրօշակներով շրջապատած են Արցախի տաղաւարը եւ փորձած են խափանել պատուիրակութեան աշխատանքները‘ փակելով մուտքը դէպի ԼՂՀ տաղաւար:

”Ցուցարարներուն” մէջ եղած են նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցներ: ԼՂՀ եւ ՀՀ պատուիրակութիւններու ջանքերուն շնորհիւ հնարաւոր եղած է կասեցնել սադրանքը. կարճ ժամանակ ետք անվտանգութեան աշխատակիցները դուրս բերած են ատրպէյճանցի կարգազանց երիտասարդները:
Ըստ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերկէյ Շահվերտեանի, որ այդ օրերուն կը ղեկավարէր Արցախի պատուիրակութիւնը Լոնտոնի ցուցահանդէսին‘ վերջին շրջանին միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսներուն մէջ ատրպէյճանցիներու նման սանձազերծ պահուածքը պայմանաւորուած է գլխաւորապէս ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած հակահայկական բանաձեւի ձախողումով:
«Խօսքը վերաբերում է 2014 Հոկտեմբերին Սամարղանտում կայացած նշեալ կառոյցի գործադիր խորհրդի նիստում Ատրպէյճանի կողմից նախաձեռնուած «օկուպացուած տարածքներում զբօսաշրջութեան քարոզչութիւնը կանխելու մասին” բանաձեւին: Նիստի ընթացքում Ատրպէյճանի կողմից առաջարկուած վերոյիշեալ բանաձեւը չի ընդունուել ոչ մի երկրի կողմից: Իսկ ատրպէյճանական ցոյցերը նպատակ են հետապնդում ֆիզիկապէս անհնար դարձնել ԼՂՀ մասնակցութիւնը միջազգային խոշոր ցուցահանդէսներին, սակայն ապարդիւն”,- նշած է Սերկէյ Շահվերտեանը:
“World Travel Market” միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը կը համարուի մեծագոյն զբօսաշրջական իրադարձութիւն, որու ժամանակ հազարաւոր ընկերութիւններ եւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները կը ներկայացնեն զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ իրենց ներուժն ու ձեռքբերուած յաջողութիւնները: