Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան  անցնող շաբաթավերջին ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն  (Ֆրանսա), Ռոպերթ Պրատքէն (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:


Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր: Սերժ Սարգսեան եւ Մինսքի խմբակի համանախագահները խօսեցան նաեւ տագնապի կողմերուն միջեւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:
Հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան քննարկումները ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ:
Միջնորդներու հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Է. Նալբանդեան՝  անդրադառնալով առանց հիմնարար սկզբունքներու համաձայնութեան           անմիջապէս խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման անցնելու վերաբերեալ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն, յայտնեց, որ այսպիսի դիրքորոշում մը կը հակասէ բանակցային հոլովոյթի տրամաբանութեան եւ բնականաբար նաեւ համանախագահներու մօտեցումներուն, որոնց մասին բազմիցս յայտարարուած է հրապարակային կերպով:

ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԿԸ ԽՕՍԻ ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապը Եւրոպայի մէջ այն եզակի սա-ռեցուած տագնապներէն մէկն է, զոր կարելի է լուծել:
Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումներէն իր ստացած տպաւորութիւններուն մասին՝ Ռուսիոյ նախագահը ըսած է, որ «երկու նախագահներու շրջապատները իրարու հետ դիւրին կերպով լեզու կը գտնեն եւ հայերէնէն դիւրութեամբ կ՛անցնին ատրպէյճաներէնի եւ հակառակը, ատիկա գաղտնի կը պահուի: Նախագահներն ալ իրարու հետ դիւրին լեզու կը գտնեն. երբ միասին նստած կ՛ըլլանք սեղանի շուրջ, անոնք շատ լաւ կը յարաբերին»:
Նշելով, որ ղարաբաղեան տագնապին մէջ գոյութիւն ունին իսկական բարդութիւններ, Մետվետեւ ընդ-գծած է, որ «Ռուսիա անկասկած  պիտի շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման: Ի վերջոյ, այդ բարդ, սակայն լուծելի խնդիրի լուծումը կախեալ է երկու ժողովուրդներու եւ նախագահներու բարի կամքէն, եթէ անոնք զիրար լսեն, քիչ մը ընդառաջեն իրարու եւ փոխ զիջումներ գտնեն»:

Բանակցային գործընթացի
վերսկսում

Է դուարդ Նալբանդեանի հետ   հանդիպումէն անմիջապէս յետոյ, հրաժարելով լրագրողներուն մանրամասնութիւններ փոխանցելէ տեղի ունեցած բանակցութիւններու մասին, ֆրանսացի միջնորդ Պեռնար Ֆասիէն միայն խօսած է եւ ըսած՝ որ մտադիր են Շաբաթ օր այցելել Լեռնային Ղարաբաղ, իսկ միւս օրը՝ Պաքու։
«Ինչպէս միշտ, Պաքուի մէջ մեր այցելութիւնը աւարտելէ յետոյ է միայն, որ մենք հանդէս պիտի գանք պաշտօնական յայտարարութեամբ: Այն ժամանակ կը նշենք, թէ ինչպէս կը գնահատենք մեր առաքելութիւնը», - ըսած է  Ֆասիէն։
Միջնորդներու ընթացիկ այցելութիւնը  մեկնաբանեց նաեւ Ատրպէյճանի մօտ  ԱՄՆ-ի դեսպան, Մինսկի խումբի նախկին համանախագահ Մաթիու Պրայզան։
«Տարածաշրջան հերթական այցելութեան  ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահները կը քննարկեն այն հարցերու լուծման հիմնական սկզբունքները եւ ուղիները, որոնք երկու կողմերը ձեւակերպած  են Քազանի մէջ  կայացած հանդիպման ժամանակ», - «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Պաքուի մէջ լրագրողներուն խօսելով ըսած է Պրայզան, աւելցնելով թէ՝ «Մինսկի խումբը միջոցներ կը փնտռէ՝ աշխուժացնելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ խաղաղ գործընթացը»։
«Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նախապէս, ամենաբարձր մակարդակով կը փորձեն  նպաստել Մինսկի գործընթացի առաջխաղացման։ Մեր դիրքորոշումը այն է, որ այսօր կարեւոր է աւարտել աշխատանքը հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ եւ ապա անցնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ վերջնական խաղաղ համաձայնութեան ուղղուած բանակցութիւններուն։ Տարածաշրջանէն ներս  ստատուս քվոյի պահպանումը անընդունելի է, ինչպէս եւ անընդունելի է հակամարտութեան ռազմական կարգաւորումը։ Այդ իսկ պատճառով, կողմերը պէտք է արագացնեն բանակցութիւնները», - ըսած է ան:

Ստեփանակերտի ակնկալիքները

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի խնդրանքով ներկայացուց Ստեփանակերտի ակնկալիքները՝ կապուած միջնորդներու  հերթական այցելութեան հետ:
«Ակնկալել որեւէ լուրջ տեղաշարժ հակամարտութեան կարգաւորման գործում այս պահի դրութեամբ դեռ եւս շատ ու շատ վաղաժամ է։ Կողմերը ունեն իրարամերժ մօտեցումներ, Ատրպէյճանը շարունակում է ապակառուցողական քաղաքականութեան շարունակումը, ինչոր նացիստական օտեցումներով է առաջ գալիս միջազգային տարբեր ատեաններում։ Այս ամենը ցոյց է տալիս, որ հնարաւոր չէ այս պահի դրութեամբ ակնկալել որեւէ բեկում», - նշեց Դաւիթ Բաբայեանը։ - «Այսինքն, հարցի կարգաւորումը այս պահի դրութեամբ հիմնականում կեդրոնացուած է կայութեան եւ խաղաղութեան պահպանման վրայ, եւ այս տեսակէտից միջնորդները բաւականին մեծ աշխատանք են տարել»։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Շաբաթ օր ընդունեց Արցախ ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան չի դադրեցներ հակահայկական եւ հակաղարաբաղեան քարոզչութիւնը կոպտօրէն կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը եւ կը շարունակէ ռազմականացման հոլովոյթը, ինչ որ լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանայ տագնապի լուծման, շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան պահպանման համար: Սահակեան նաեւ նշեց, որ Ատրպէյճանը կառուցողական դաշտ բերելը կը հանդիսանայ տագնապի լուծման կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը:
Երկուստեք նշուեցաւ երկխօսութեան միջոցով բանակցային հոլովոյթին շարունակման կարեւորութիւնը, ուժային տարբերակի կիրարկման անընդունելիութիւնը:

Սերժ Սարգսեան այսօր Մոսկուա կÿայցելէ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Տմիթրի  Մետվետեւի հրաւէրով, երկօրեայ պետական այցելութիւն կը կատարէ այսօր Հոկտեմբեր 23ին  Ռուսաստան։
Ինչպէս յայտնի է ՀՀ նախագահի մոսկովեան հանդիպումներու  ընթացքին  եւս պիտի շօշափուին ղարաբաղեան կարգաւորման առնչուող հարցեր։