Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան տուեալներուն համաձայն, տարբեր անձերէ Հայաստան եկող դրամական փոխանցումները կը շարունակեն նուազիլ:

Սեպտեմբերին փոխանցուած է 153.3 միլիոն տոլար, որ 8.6 առ հարիւրով նուազ է 2013 թուականի սեպտեմբերին եղած փոխանցումներէն՝ 167.7 միլիոն տոլար:
Տնտեսագէտները Ռուսիայէն եկող փոխանցումներուն կրճատուիլը կը պատճառաբանեն այդ երկրին մէջ շարունակուող տնտեսական լճացումով:
Յաջորդ կարեւոր պատճառը ռուսական ռուբլիի արժեզրկումն է: