Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան շաբաթ մը առաջ սկսած աշխատանքային այցելութիւնը Քանատա աւարտած է Քեպեք նահանգին մէջ, ուր հանդիպումներ ունեցած է Մոնրէալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, նահանգային խորհրդարանի շարք մը անդամներու հետ:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հան- դիպումին ընթացքին Միրզոյեան անդրադարձած է Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, գոյութիւն ունեցող խնդիր- ներուն, մարտահրաւէրներուն, անոնց լուծման միջոցներուն եւ անկախութեան տասնամեակներուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի նուաճումներուն:
Քեպեքի նահանգային խորհրդարանի անդամներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է ղարաբաղեան - ատրպէյճանական տագնապի լուծման հոլովոյթի ներկայ փուլը, լուծման հարցին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումն ու մօտեցումները: Կողմերը նաեւ անդրա- դարձած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարական պետականաշինութեան հոլովոյթին եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրուած նուաճումներուն: Միտքեր փոխանակուած են նաեւ համագործակ- ցութեան կարելիութիւններուն շուրջ: