Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի ջանքերով շուտով լոյս կը տեսնէ «Սոցիալական բարեփոխումները Հայաստանում» աշխատութիւնը: Այն կը ներառնէ առողջապահութեան յառաջիկայ 20 տարիներու ռազմավարութեանը, բնակչութեան զբաղուածութեան խնդիրնե- րու, բնակարանային ֆոնտի նոր հայեցակարգին առնչուող հարցեր:

«Առողջապահութիւնը պետութեան առաջնային ուղղութիւններէն  մէկը պիտի ըլլայ՝  մատչելի եւ հասանելի բնակչութեան բոլոր խաւերուն համար: Միջին դասակարգի մարդը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ բարձրակարգ եւ մատչելի առողջապահութիւն ունենալու»,-  դիտել տուաւ  հիմնադրամի տնօրէն Մարիա Թիթիզեանը: Ան նշեց, որ աշխատութիւնը կը թարգմանուի նաեւ անգլերէնի, իսկ Նոյեմբեր  8-ին պիտի կազմակերպուի խորհրդաժողով մը, որու  ընթացքին գիրքի շնորհանդէսը պիտի կայանայ:
Նախատեսուած են երեք  նման ձեռնարկներ՝ ուղղուած գիւղատնտեսութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ կրթութեան բնագաւառներուն:
Մարիա Թիթիզեանի խօսքերով՝ այս աշխատութիւնը հետաքրքրական է այնքանով, որ ունի յստակ սոցիալական ուղղուածութիւն: Այն կրնայ որպէս ուղեցոյց ծառայել նաեւ պետութեան համար. իշխանութիւնը պէտք է պարզապէս վերցնէ   ներկայացուած թեմաներէն  իւրաքանչիւրը եւ իր քաղաքականութիւնը մշակէ տուեալ հարցերու հիման վրայ: