Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հոկտեմբեր 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոաննիս Տայիսի այցելութիւնը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ-յունական բարեկամական յարաբերութիւնները՝ նշելով, որ յունական իշխանութիւնները մշտապէս աջակցած են Յունաստանի հայկական համայնքի պահպանման ու զարգացման:
Նախարարը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ վերջերս Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման փաստին, որու համաձայն պատիժ կը նախատեսուի այն անձերուն համար, որոնք դիտաւորեալ կը ժխտեն մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնը:
Հրանուշ Յակոբեանը նշեց, որ ե՛ւ Յունաստանը, ե՛ւ Հայաստանը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մեծաթիւ Սփիւռք ունեցող երկիրներ են, եւ այդ առումով իրարու օգտակար կը դառնայ փորձառութեան փոխանակումը, տարբեր երկիրներու մէջ՝ որպէս ազգային փոքրամասնութիւն հանդէս եկող հայկական եւ յունական համայնքներու յարաբերութիւններու սերտացումը, համատեղ ծրագրերու իրականացումը:
«Յունաստանում գործում են բազմաթիւ հայկական դպրոցներ, հայոց եկեղեցիներ, տարբեր մշակութային խմբեր», - ընդգծեց ՀՀ սփւռքի նախարարը:
Հրանուշ Յակոբեանը Յունաստանի դեսպանին առաջարկեց կազմակերպել յունահայ համայնքի նուիրուած օրերու փառատօն՝ Հայաստանի մէջ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար՝ դեսպան Իոաննիս Տայիս իր կարգին եւս կարեւոր նկատեց Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներուն մէջ երկու երկիրներու փորձառութեան փոխանակումը:
Քննարկելով 2015ին Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւններուն Յունաստանի պատուիրակութեան մասնակցութեան հարցը՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանա- չումը, դատապարտումը եւ անոր հետեւանքներու վերացումը նախ եւ առաջ պիտի կանխարգիլեն աշխարհի մէջ որեւէ այլ ազգութեան եւ երկրի հանդէպ նման ոճիրի իրագործումը:
Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Յունաստանի դեսպանին նուիրեց «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը, ուր ամբողջա- ցած են աշխարհի բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ կառուցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշակոթողները: