Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Փարիզի Մարինյի պալատէն ներս Երկուշաբթի ուշ երեկոյեան աւարտեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները, որու նախաձեռնած էր Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը:

Ֆրանսայի նախագահի հետ առաւօտեան կայացած առանձնազրոյցներէն յետոյ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները բանակցութիւններու սեղան անցան ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քափրչիկի մասնակցութեամբ, ապա տեղի ունեցաւ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի առանձնազրոյցը:
Բանակցութիւններու արդիւնքներու մասին խօսեցաւ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, որ ըսաւ թէ մասնակիցները կարեւորեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս երկխօսութեան շարունակումը եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ տարուած ջանքերը: Ընդգծուեցաւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանքի բացակայութիւնը:


«Կառուցողական, օգտակար եւ անկեղծ»

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանդեանը ըսած է թէ «այսօրուայ հանդիպումը ես կը բնորոշէի որպէս կառուցողական, օգտակար եւ անկեղծ: Մեր մօտեցումները նոյնն են, ինչ որ եռանախագահների մօտեցումները։ Ադրբեջանի մօտեցումը մի փոքր այլ է, ինչ որ ծանօթ էր» ըսած է ան: