Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Մարտակերտի շրջանի Տօնաշէն գիւղ, ուր մասնակցեցաւ արցախեան ականաւոր քաղաքական եւ ռազմական գործիչ Շահէն Մեղրեանի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին նախագահ Սահակեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան կազմակերպման գործին մէջ ունեցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան եւ անձնական արիութեան համար յետմահու «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացած Շահէն Մեղրեանի որդիին յանձնեց «Ոսկիէ արծիւ» շքանշանը:
Երկրին ղեկավարը բարձր գնահատեց Շահէն Մեղրեանի դերակատարութիւնը Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ, մեր պետականաշինութեան գործին մէջ՝ նշելով, որ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը հայրենիքին անձնուիրաբար ծառայելու լաւագոյն օրինակ է:
Նախագահ Սահակեան հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն մէջ ցուցաբերած արիութեան եւ անձնական խիզախութեան համար պարգեւներ յանձնեց նաեւ Շահումեանի ինքնապաշտպանութեան ջոկատի խումբ մը մարտիկներու: «Արիութեան համար» մետալով պարգեւատրուեցաւ երկու հոգի, «Մարտական ծառայութիւն» մետալով՝ վեց հոգի, որոնցմէ երեքը՝ յետմահու:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, պաշտօնատարներ եւ հիւրեր՝ Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանով Արցախի ազգային հերոսի կոչում շնորհուեցաւ Արցախեան Ազատամարտի հրամանատարներէն Դաշնակցական Շահէն Մեղրեանին: «Եղնիկներ» զօրամասի զօրանոցին մէջ կանգնեցուեցաւ Շահէն Մեղրեանի յուշարձանը: Հանդիսութեան ներկայ էին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը, եւ Շահէն Մեղրեանի մարտական ընկերները:
Շահէն Մեղրեան ծնած է Գիւլիստան, 1952 Յունուար 2-ին: Նախնական ուսումը ստացած ծննդավայրին մէջ, ապա հետեւած է տնտեսագիտութեան բարձր ուսման: 1973-ին վերադառնալով Գիւլիստան՝ պահածոյի գործարանի պատասխանատուի պաշտօնը ստանձնած է: Անդամ էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Իբրեւ Շահումեանի շրջանի ներկայացուցիչ մասնակցած է Հ.Յ.Դ. 25-րդ ընդհանուր ժողովին:
Շահէն Մեղրեանի մարտական ուղին սկըսած է 1988 թուականին: 1990-ին անդամագրուած է ՀՅԴ կուսակցութեան։
Շահումեանի շրջանի ինքնապաշտպանութեան առաջին գործողութիւնը տեղի ունեցաւ Մանաշիտի գիւղին մէջ, 1990-ին՝ երբ Յունուար 12-13-ին ազերիները փորձեցին գիւղը տեղահանել, շրջանի նորաստեղծ խումբերը ետ շպրտեցին անոնց գիւղի սահմաններէն։
1991-ի Յունիսին ազերիները, ռուսերու օգնութեամբ, գրաւեցին շրջանի Էրքէջ, Բուզլուխ, Մանաշիտ գիւղերը։ 1991-ին, Շահէնը՝ իր ջոկատներուն հետ կազմակերպեց գործողութիւն, որուն իբր արդիւնք Սեպտեմբեր 11-13-ին ազատագրուեցան Էրքէջ, Բուզլուխ, Մանաշիտ գիւղերը։ Այդ գործողութիւնը առաջինն էր Ղարաբաղի մէջ, երբ արցախեան ազատամարտիկները կարողացան իրենց ուժերով, գրաւուած տարածքները ազատագրել։ 1991-ի Նոյեմբերի 29-ին Շահէնի գլխաւորութեամբ գրաւուեցաւ Թոդան ատրպէյճանական գիւղը։
1992-ի Շահումեանի բռնի տեղահանումէն ետք, Շահէնը կարողացաւ Հաթերք գիւղին մէջ իր շուրջը հաւաքել խումբ մը ազատամարտիկներ՝ թիւով 25 հոգի և այդ տղոց հետ անցաւ թշնամիի թիկունքը։ Այդպէս սկսաւ հայդուկային շարժումը ԼՂՀ հիւսիսային ճակատին վրայ։ Հայդուկներու անմիջական օգնութեամբ ազատագրուեցան Մարտակերտի շարք մը գիւղեր՝ Հաթերքը, Ակնաբերդը, Մատաղիսը, Տօնաշէնը, Դաստագիրը, Սարսանգի ջրամբարը։
1993-ի Ապրիլին ազատագրուեցաւ Գիւլիստանը եւ գրաւեցին դէպի շրջան տանող բոլոր բարձունքները։1993-ին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէ ստեղծուեցաւ զօրամաս, որուն հրամանատար նշանակուեցաւ Շահէն Մեղրեանը։
Շահէնը կը պատրաստուէր ազատագրել Շահումեանը։ Բայց, 1993-ի Ապրիլ 17-ին, երբ ուղղաթիռով իր ռազմական ընկերներուն հետ կը փոխադրուէր, ուղղաթիռը վար առնուեցաւ հակօդային հրթիռով… բոլորը զոհուեցան։