Հայաստանի խորհրդարանին մէջ անցնող օրերուն հրատապ կարգով քննարկուեցաւ կառավարութեան ներկայացուցած ծրարը՝ սահմանամերձ համայնքներուն հարկային արտօնութիւններ շնորհելու վերաբերեալ:
Քննարկուող հարցին վերաբերեալ խօսք առնելով՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ սահմանամերձ գիւղերուն պէտք է ոչ միայն հարկային արտօնութիւններ տալ, այլ նաեւ որոշ ընկերային-տնտեսական աջակցութեան ծրագիրներ կիրարկել:
«Օգոստոսին, երբ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները այցելած էին այդ բնակավայրերը, խնդիրները ձեւակերպած էին եւ գրութեամբ ուղարկած նաեւ կառավարութիւն: Այսօր անոնց վերաբերեալ տակաւին պատասխան չկայ», ըսաւ պատգամաւորը՝ յիշեցնելով, որ երբ պատգամաւորները այցելած են սահմանամերձ գիւղեր, այցելութեան ընթացքին առաջարկ ներկայացուած է՝ սահմանապահ գիւղերու դպրոցները անվճար դասագիրքերով ապահովել, կենսական ծախսերու կապուած արտօնութիւններ տրամադրել, երեխաներու ծննդեան միանուագ նպաստը բարձրացնել:
Ըստ Մինասեանի, կարգ մը առաջարկներ եղած են նաեւ Բերքաբեր, Այգեպար եւ այլ գիւղերու առնչութեամբ: «Երբ մենք կը փորձենք չտարանջատել եւ ընդհանուր սահմանամերձ գիւղական համայնքներուն հարկային արտօնութիւն տալու մասին կը խօսինք, եւ խօսքը միայն 30 համայնքի մասին է, միւս բնակավայրերու բնակիչներուն մօտ կրնայ տարակարծութիւն յառաջանալ: Պէտք է սահմանապահ համայնքներուն տրուի ամբողջական արտօնութիւն: Միւս սահմանամերձ բնակավայրերուն բնակիչները պէտք է ըմբռնումով մօտենան, թէ ինչո՛ւ առաջնահերթութիւնը տրուած է յատկապէս այդ համայնքներուն», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Ան աւելցուց, որ Չինարի գիւղէն նամակ ստացած է, որ ներքին ցանցի վերանորոգման անհրաժեշտութիւն կայ, արդէն կայ նախագիծը, եւ խօսքը մօտ 17-18 միլիոն դրամի մասին է: «Գիտէք, որ Չինարին 3 կողմէ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու թիրախին տակ է: Այս գիւղին մէջ անպայման պէտք է նման ծրագիրներ իրականացուին», շեշտեց պատգամաւորը:
Արծուիկ Մինասեան նաեւ նշեց, որ սահմանապահ համայնքներուն մէջ կան հողատարածքներ, որոնց մասով կառավարութիւնը, ճիշդ է, հարկային արտօնութիւններ նախատեսած է, բայց նոյնն է, մարդիկ այդ հողատարածքները չեն կրնար օգտագործել: Տրուած ըլլալով, որ չեն կրնար օգտագործել, եկամուտ ալ չեն կրնար ստանալ:
Հ.Յ.Դ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը առաջարկեց հողային այդ տարածքներուն համար մշակել նախագիծ, թէ որո՛ւն հողերը չեն օգտագործուիր:
Ան առաջարկեց նաեւ օրէնքով յստակօրէն շարադրել, թէ սահմանապահ համայնքներուն ինչու պէտք է տրուի ամբողջական աջակցութիւն, իսկ յաջորդ հանգրուանին սահմանամերձ բնակավայրերուն՝ նոր լուծումներ, որպէսզի այս բնակավայրերու բնակիչներուն մօտ տարակարծութիւններ չըլլան: Այսինքն՝ յստակ բացատրուի, որ սահմանապահ գիւղերը երեք կողմէ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու «վերահսկողութեան» տակ են: