Վերջին 2-3 տարիներուն ընթացքին որդեգրուած սակայն սառեցուած վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ծրագրերը պիտի դրուին գործադրութեան:
Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, պատասխանելով պատգամաւորներու ուղղած հարցումներուն, Իրան կատարած իր այցելութենէն ետք:
ՀՀ վարչապետը նշեց որ արդիւնաւէտ էր Իրան կատարուած այցելութիւնը, մանաւանդ շեշտելով թէ բոլոր այն հարցերը, որոնք բարձրացան Հայաստանի պատուիրակութեան կողմէ, դրական արձագանգի արժանացան: «Ես համոզուած եմ, որ յառաջիկային մենք կը զգանք մեր ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններու արդիւնքները» ընդգծած է վարչապետը: