Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի չորրորդ լիագումար նիստը տեղի կ՛ունենայ 16-20 մարտ 2015-ի Հայաստանի մէջ:

Համապատասխան որոշումը հաստատուած  է «Եւրանեսթ»-ի քաղաքական խորհուրդի նիստին ընթացքին: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ ասուլիսի ատեն երէկ յայտնեց Պրիւքսէլէն վերադարձած Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավար Արտակ Զաքարեան:
Խորհուրդի նիստին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավարը յիշեցուցած է, որ 2013 թուականի մայիսին տեղի ունեցած «Եւրանեսթ»-ի լիագումար նիստին ընթացքին  որոշում տրուած էր հերթական նիստը կատարել Հայաստանի մէջ, սակայն Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութեան հետ կապուած‘ անիկա  յետաձգուած էր:
Զաքարեան նաեւ յայտնեց, որ «Եւրանեսթ»-ի լիագումար նիստը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար Հայաստանի խորհրդարանին մէջ կը նախատեսուի ստեղծել աշխատանքային խումբ: