Այսօր 23 Հոկտեմբերին Երեւան կը ժամանէ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալդեր Շդայնմայերը, ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը պիտի ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, ապա տեղի պիտի ունենան Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները, որոնց պիտի հետեւի համատեղ մամլոյ ասուլիս:
Նոյն օր նախատեսուած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ պիտի այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան թան-գարանը: