Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ Հայաստան ժամանեցին ԱՊՀ երկիրներու Զինուած Ուժերու մասնագէտները՝ Հոկտեմբեր 22-23ին ԱՊՀ-ի պետութիւններու ԶՈՒ չափագիտական ծառայութիւններու ղեկավարներու համադրման կոմիտէի անդրանիկ հաւաքին մասնակցելու համար:

Այցելութիւնը ԱՊՀ-ի պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի 2014 թուականի աշխատանքային ծրագրի ծիրէն ներս կ'իրագործուի:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ նիստի աշխատանքներուն պիտի մասնակցին Պելառուսի, Ղազախստանի, Ղրխըզիստանի, Ռուսաստանի զինուած ուժերու մասնագէտները եւ ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի քարտուղարութեան ներկայացուցիչները, որոնք, միջոցառման օրակարգի համաձայն, պիտի այցելեն նաեւ Երեւանի չափագիտութեան ազգային ինստիտուտ: