Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներու հետ երէկ կատարուած զրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Սերժ Սարգսեանի՝ սահմանադրական փոփոխութիւններուն հայեցակարգի վերաբերեալ դիրքորոշում յայտնելու յետաձգումը պայմանաւորուած չէ՞ ոչ իշխանական եռեակին ճնշումով, ըսաւ.
«Եթէ եռեակի մօտեցումները որեւէ մէկը ինծի լիարժէքօրէն ձեւակերպէ, ես աւելի դիւրին կը պատասխանեմ այդ հարցումին: Առայժմ հրապարակուած տեսակէտը այն է, որ եռեակը ոչ մէկ քննարկում կ՛ընդունի, ուրեմն ի՞նչ յետաձգելու մասին է խօսքը: Այլ հարց է, երբ Սերժ Սարգսեան յայտարարէր, որ կը հրաժարի սահմանադրական փոփոխութիւններու հոլովոյթէն, բայց նման յայտարարութիւն չէ եղած: Եթէ նման բան տեղի ունենայ, ես ձեզի հիմա կ՛ըսեմ, որ յետոյ չըսէք թէ Դաշնակցութիւնը իր դիրքորոշումները ըստ ընթացքին կը ճշդէ, ատիկա կ՛ըլլայ մեծագոյն թերութիւնը ե՛ւ մեր երկրին համար, ե՛ւ ընդդիմութեան համար: Եթէ նպատակը այն է, որ համակարգային փոփոխութիւններ տեղի չունենան, սահմանադրական փոփոխութիւններ տեղի չունենան, ուրեմն կ՛ողբամ մեր վիճակը, որովհետեւ եթէ հրաժարինք սահմանադրական փոփոխութիւններէն, կ՛ունենանք նոր՝ չորրորդ նախագահ, որմէ պիտի դժգոհինք»:
Դաշնակցութեան կարծիքով՝ եթէ երկրին մէջ պէտք է կատարուի բան մը, որ կը յանգեցնէ ժողովուրդին համար ընդունելի զարգացումներու, համակարգային փոփոխութիւնն է, իսկ ատիկա կարելի չէ առանց սահմանադրութեան փոփոխութեան: «Ամբողջական իշխանափոխութիւնը, որուն մասին երկար ժամանակ խօսած ենք, հիմա կը փորձեն աղաւաղել կամ իմաստազրկել. անիկա կ՛ենթադրէ ոչ միայն վարչախումբի հեռացում, այլ նաեւ համակարգի փոփոխութիւն, որպէսզի նոյն բանը չկրկնուի», ըսաւ Ա. Ռուստամեան:
Արմէն Ռուստամեան խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններու հրապարակուած հայեցակարգին մասին ըսաւ, որ ըստ նախնական ուսումնասիրութեան, այն ուղղութիւնները, որոնցմով Դաշնակցութիւնը առաջարկած է փոփոխութիւններ, փաստաթուղթին մէջ հիմնականին մէջ որդեգրուած են, ուրեմն կարելի է աշխատիլ արդէն սահմանադրական փոփոխութիւններու իրականացման ուղղութեամբ: «Մենք, իբրեւ անհրաժեշտ պայման, ըսած էինք, որ չենք մասնակցիր փոփոխութիւններուն, եթէ իսկական արմատական համակարգային փոփոխութիւն տեղի չունենայ, իսկ արմատական համակարգային փոփոխութիւնը կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցումն է, որ այս հայեցակարգին մէջ հաստատուած է: Բայց մենք ունինք մեր մօտեցումները, որոնք հայեցակարգին մէջ լիարժէքօրէն արտացոլուած չեն, այն իմաստով, որ խորհրդարանական համակարգերը տարբեր կ՛ըլլան, եւ այն խնդիրները, որոնք նշուած են հայեցակարգին մէջ, մեզի համար ընդունելի են, բայց լուծումներու արդիւնաւէտութեան կապուած հարցեր ունինք: Մենք կ՛աշխատինք, որ առաւել արդիւնաւէտ լուծումներ առաջարկենք», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը առաւել լիարժէք պիտի ներկայացնէ իր կարծիքը հայեցակարգին վերաբերեալ:
Ինչ կը վերաբերի այն փաստին, որ երկրին նախագահը վեց ամիսով կը յետաձգէ սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգին վերաբերեալ իր դիրքորոշման հրապարակումը, պատգամաւորը կարծիք յայտնեց, որ չկայ դիրքորոշումի յետաձգման հարց, որովհետեւ ըստ նախագահի հրամանագիրին, յստակ նշուած է ընթացակարգ, երբ հայեցակարգը կը ներկայացուի նախագահին հաստատման, անոր կողմէ ընդունուելէ ետք կը վերադարձուի յանձնախումբին, տասը ամսուան ընթացքին յանձնախումբը կը պատրաստէ նախագիծ: Հիմա քաղաքական խորհըրդակցութիւններու հանգրուանն է: «Ես չեմ կարծեր, որ այստեղ ճնշումներու խնդիր կայ, պարզապէս ընթացակարգի տրամաբանական շարունակութիւն կայ: Քաղաքական խորհրդակցութիւններու ժամանակը պիտի գայ, ինչ որ ժամանակ կը պահանջէ, այնպէս որ ես արտառոց բան չեմ տեսներ այստեղ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Ըստ անոր, հայեցակարգը տակաւին հիմնադրոյթներն են, կան կարգ մը անորոշութիւններ, յստակ պատասխաններ պէտք է տայ նախագիծը:
Ռուստամեանի կարծիքով՝ հայեցակարգը կարելի է հիմք ընդունիլ եւ առաւել արդիւնաւէտ լուծումներ առաջարկել:
«ՀՅԴ խմբակցութիւնը չէ միացած ոչ իշխանական ուժերու եռեակի նախաձեռնութեան՝ Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ հրաւիրելու իշխանութեան ճգնաժամային իրավիճակին հարցով», նշած է Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ եռեակի աշխատանքին այսօրուան ոճը անընդունելի է: «ՀՅԴ-ն երբեք թոյլ պիտի չտայ խօսիլ նման ոճով: Մենք կը միանանք բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնց մասնակցած ենք: Սակայն եթէ մեզի հետ չեն քննարկուած այս կամ այն հարցերը, իսկ յետոյ թուղթ կը դնեն մեր դիմաց ստորագրելու համար, մենք նման բան երբեք չենք ըրած եւ պիտի չընենք», ըսած է Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ փաստօրէն ՀՅԴ-ն դո՞ւրս եկած է խորհրդարանական քառեակէն, Ռուստամեան պատասխանած է. «Մենք այնտեղ ենք, ուր եղած ենք 124 տարի: Հետաքրքրական է, անոնք ինչո՞ւ մեզի հետ չեն քննարկած այդ նախաձեռնութիւնը»: Դիտարկման, որ թերեւս եռեակին մէջ կը մտածեն, թէ ՀՅԴ-ն եւ իշխանութիւնները գործարքի մէջ են, ատոր համար իրենց հետ չեն քննարկած այդ նախաձեռնութիւնը, Ռուստամեան ըսած է. «Անոնք նոյնպէս բանակցութիւններ կը վարեն իշխանութիւններուն հետ: Անոնք կը բանակցին բոլոր հարցերով»: