Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արմէն Պապիկեան երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտին:

Պաշտօնական արարողութեան յաջորդած զրոյցին ընթացքին Արմէն Պապիկեան համառօտ կերպով ներկայացուց Հայաստանի մէջ ընթացող հոլովոյթները եւ այդ շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ համագործակցութիւնը յստակ ծրագիրներու հաստատման եւ իրականացման տեսանկիւնէն:
Խօսելով Եւրոպական խորհուրդին մէջ ընթացող բարեփոխումներուն մասին‘ դեսպան Պապիկեանը նշեց, որ Հայաստանը, ինչպէս անցեալին,  պատրաստ է աջակցելու ընդհանուր քարտուղարին Եւրոպական խորհուրդի բարեփոխումներու հոլովոյթին մէջ:
Ողջունելով Հայաստանի նոր նշանակուած մնայուն ներկայացուցիչը‘ Թորպիորն Եակլանտ նշեց, որ Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է Եւրոպական խորհուրդի հոլովոյթներուն մէջ եւ գոհունակութեամբ նկատել տուաւ, որ Հայաստանի ընկալումները Եւրոպական խորհուրդի բարեփոխումներուն եւ Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերեալ կը համընկնին իր մօտեցումներուն եւ պատկերացումներուն: Ան նաեւ ընդգծեց, որ կազմակերպութեան նպատակն է կուտակուած մասնագիտական ներուժը օգտագործել ի նպաստ անդամ պետութիւններու կարիքներուն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Եւրոպական խորհուրդին հետ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու համագործակցութեան զարգացման գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ հեռանկարները: