Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արդէն երկրորդ տարին է, որ Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակին Արցախի մէջ կը նշեն գիւղատնտեսի օրը, որը կ'ուղեկցւուի բերքի տօնով: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ արդէն կանուխէն կը տեղադրուին տաղաւարներ, ուր Արցախի բոլոր շրջաններէն ժամանած ներկայացուցիչները պէտք է ներկայացնէին իրենց բերքն ու բարիքը:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն պատրաստուած տաղաւարները կը սպասէին այցելուներուն, իսկ հրապարակի տարբեր հատւածներուն վրայ կը բարձրանար խորովածի ծուխը:

Նախորդ տարուայ համեմատ այս տարի բարձրացած էր միսի վաճառասեղաններու թիւը, որ գիւղացիներու մեկնաբանութեամբ՝ «այս տարի բերքատւութեան առումով տարին այդքան էլ բարենպաստ չի եղել. մի կողմից կարկըտահարութիւն, միւս կողմից երաշտը՝ փճացրել են հիմնական բերքը»:
Բերքի տեղափոխման համար հոգը ստանձնած էր գիւղա-տնտեսութեան նախարարութիւնը: Հակառակ սակայն որ ժողովուրդը կ'ակնկալէր ցած գիներով գնում կատարել բերքի տօնին առիթով, սակայն որոշ սպառողներ դժգոհութիւն կը յայտնէին, որ գիները շատ քիչ տարբեր էին շուկայական գիներէն:
Բերքի տօնին ներկայ եղան նախարարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: