«Աշխարհի միացեալ քոլեճներ» կրթական ցանցի մաս կազմող՝ Դիլիջանի դպրոցի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ անցեալ օրերուն, ոգեւորութեան մթնոլորտի մէջ:
Միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող կրթահամալիրի պաշտօնական բացման ներկայ եղան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարք Մորան Մոր Իգնատիուս Եփրեմ Բ., պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Սերպիայի Նախագահ Տոմիսլավ Նիկոլիչը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, կառավարութեան անդամներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Դպրոցի օծման արարողութիւնը կատարեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տէր Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեանը, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Կրթական համալիրէն ներս շրջայցի աւարտին երեք նախագահները մասնակցեցան դպրոցի բարերարներու յուշատախտակի բացման: Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեանը Հայաստանի Հանրապետութեան մետալներով պարգեւատրումներ կատարեց՝ ակնառու աւանդ ունեցած անձնաւորութիւններու, որոնք օգտակար դերակատարութիւն ունեցան Դիլիջանի միջազգային դպրոցի կառուցման ու գործարկման աշխատանքին մէջ, նպաստելով կրթութեան բնագաւառի զարգացման ու միջազգային գիտակրթական համագործակցութեան: Պետական բարձր պարգեւները անձամբ յանձնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Շնորհաւորելով նախաձեռնութեան հեղինակները եւ դպրոցի հիմնադիրները՝ նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ սա Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն իրականացուած ծաւալուն միջազգային ներդրումային ծրագրերէն մէկն է եւ այն իրականացնելու առաջարկը կը համընկնէր Հայաստանի ապագայի ռազմավարական նպատակադրման հետ:
96 աշակերտ եւ 25 ուսուցիչ
Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքին մէջ տեղակայուած UWC Dilijan College-ը՝ առաջին միջազգային դպրոցն է Արեւելեան Եւրոպայի եւ ԱՊՀ տարածքէն ներս: Ներկայ պահուն Դիլիջանի դպրոցէն ներս իրենց ուսումը կը ստանան 16-17 տարեկան 96 աշակերտ: Նախատեսութիւն կայ 2023ին դպրոցը հասցնել լիակատար գործունէութեան, երբ աշակերտներու թիւը պիտի կազմէ 650, իսկ ուսուցիչնու թիւը աւելի քան 60 հոգի: Դպրոցի հիմնադիր-գործընկեր Ռուբէն Վարդանեանը իր կարգին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին այս ծրագրի իրագործման եւ իրենց աջակցութիւնը չզլացան: Ան յոյս յայտնեց, որ Դիլիջանի դպրոցը օրինակ պիտի դառնայ համաշխարհային կրթական չափանիշներու ձեւաւորման: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ դպրոցը պիտի սատարէ տեղւոյն հայկական դպրոցներու կրթական մակարդակի բարելաւման:
Դպրոցի տնօրէնի պաշտօնը զբաղեցնող Ճոն Փադըֆուդ նշեց, որ պիտի դասաւանդուին թուաբանութիւն, օտար լեզուներ, սակայն հայերէնը առայժմ ներառնուած չէ օտար լեզուներու ծրագրին մէջ: Ան յոյն յայտնեց որ մօտ ապագային կը յաջողուի ուսուցանել նաեւ հայերէն լեզուն: Նշենք սակայն, թէ դասաւանդումը հայերէն է, որ պիտի իրականացուի աշխարհի առաջատար համալսարաններու կողմէ ճանչցուած IB Diploma ծրագրով:
Նախագիծի իրականացման իրենց օժանդակութիւնը բերին աւելի քան 200 նուիրատուներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Բացման պահուն շինարարական ծախսը կազմած է 115 միլիոն տոլար: Երկրորդ փուլի շինարարութեան արժէքը 75 միլիոն տոլար է: Կը նախատեսուի, որ ամբողջ ընթացքին նախագիծի յաւելեալ ծախսը՝ պիտի չգերազանցէ 30 միլիոն տոլարը: Հայաստանի մէջ միջազգային դպրոցի ստեղծման գաղափարը ծագած էր 2006 թուականէն, իսկ շինարարական աշխատանքները սկսան վեց տարիներ առաջ: