«2012 թուականին՝ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» ծրագիրը պիտի սկսի միջազգային մեծ ցուցահանդէսի մը կազմակերպութեամբ, որու ծիրէն ներս նախատեսուած է ցուցադրել նաեւ վերջին տարիներուն ընթացքին հայկական բովանդակութեամբ արտասահմանեան երկիրներու մէջ հրատարակուած գիրքեր (հայերէն եւ օտարալեզու):
Ցուցահանդէսին իւրաքանչիւր երկիր ներկայացուած պիտի ըլլայ առանձին տաղաւարով:
Ցուցահանդէսի կազմակերպչական բաժինը ստանձնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը:
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ ԱՄՓՈՓ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Տպագրութեան գիւտէն 57 տարի ետք, 1512-ին, Վենետիկի մէջ տպագրուեցաւ առաջին հայերէն գիրքը:
Ասոր նշանակութիւնը շեշտելու համար յիշենք, թէ միայն 109 տարի ետք, 1564-ին, Ռուսիա ունեցաւ իր առաջին տպարանը, իսկ աւելի ուշ՝ 1640 թուականին, Հիւսիսային Ամերիկա:
Հայերէն առաջին գիրքը «Պարզատոմար»ն է, որուն յաջորդեցին, տարի մը ետք չորս գիրքեր՝ «Պատարագատետր», «Ուրբաթագիրք», «Տաղարան» եւ «Աղթարք» անուններով:
Ստոյգ տեղեկութիւններ չկան այն մասին, թէ ո՛ր տպարանին մէջ լոյս տեսան այս գիրքերը: Կ՛ենթադրուի, թէ տպարանը իտալական էր, իսկ տպագրիչին անունը կը յիշատակուի 1513-ի հրատարակութեան մէջ՝ Մեղապարտ Յակոբ:
«Պարզատոմար»ը եկեղեցական տօները ցոյց կու տար: Իսկ «Տաղարան»ը երգերու հաւաքածոյ էր, մեծ մասը Յովհաննէս Թլկուրանցիի՝ Սիսի կաթողիկոսի տաղերն էին:
Հայերէն առաջին թերթը՝ «Ազդարար» հրատարակուեցաւ 1794 թուականին, Մատրասի մէջ, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի կողմէ:
Հայկական տպարաններու հիմնադրութեան թուականները ցոյց կու տան սփիւռքի կենսունակ գործունէութիւնը: Ահա՛ ցանկը այդ տպարաններուն.-
1512-ին՝ Վենետիկ, 1567-ին՝ Պոլիս, 1616-ին՝ Լվով, 1624-ին՝ Միլանօ, 1633-ին՝ Նուզայ, 1640-ին՝ Լիվոռնօ, 1655-ին՝ Ամսթերտամ, 1673-ին՝ Մարսէյ, 1680-ին՝ Լայփցիկ, 1699-ին՝ Փաաուա, 1736-ին՝ Անգլիա, 1759-ին՝ Զմիւռնիա, 1772-ին՝ Հնդկաստան, 1774-ին՝ Էջմիածին, 1776-ին՝ Թրիէսթէ (Մխիթարեան), 1783-ին՝ Ս. Փեթերսպուրկ (Արղութեան), 1788-ին՝ Ս. Ղազար (Մխիթարեան), 1790-ին՝ Նախիջեւան, 1823-ին՝ Թիֆլիս, 1832-ին՝ Շուշի, 1895-ին՝ Երուսաղէմ, 1850-ին՝ Արմաշ, 1854-ին՝ Հիւսիսային Ամերիկա, 1857-ին՝ Վան (Վարագ), 1865-ին՝ Եգիպտոս, 1872-ին՝ Պաքու, 1877-ին՝ Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի):
Արեւմտահայոց տպագրական գործերու գլխաւոր կեդրոնները եղած են՝ Վենետիկ, Պոլիս եւ Զմիւռնիա: Իսկ արեւելահայոց՝ Փեթերսպուրկ, Թիֆլիս եւ Պաքու:
Հայ եկեղեցական գիրքերու տպագրութիւնը կատարուեցաւ մասնաւորաբար Եւրոպայի, Էջմիածնի, Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի մէջ:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ պետական բազմաթիւ տպարաններ ունինք, որոնք ամէն տարի հարիւրաւոր գիրքեր կը տպեն՝ միլիոնաւոր օրինակներով: Իսկ սփիւռքի մէջ կը գործեն մօտ յիսուն մեծ եւ փոքր տպարաններ: