Ուաշինկթընի մէջ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան տեսակցեցաւ Համաշխարհային դրամատան գործադիր կառավարիչ Պերթրան Պատրէի եւ դրամատան փոխ նախագահ Լոռա Թաքի հետ:
Վարչապետը բարձր գնահատեց Համաշխարհային դրամատան հետ համագործակցութիւնը եւ նշեց, որ 20 տարուան
գործակցութեան ընթացքին Համաշխարհային դրամատունը կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի բարեփոխումներու իրականացման հոլովոյթին մէջ, շուկայական տնտեսութեան անցնելու համար անհրաժեշտ կառոյցներու կայացումէն, կենսական ենթակառոյցներու արդիականացումէն մինչեւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման ուղղուած տնտեսական քաղաքականութեան մշակում եւ իրականացում:
«Յանձնառու մնալով բարեփոխումներու որդեգրուած օրակարգին՝ մենք պիտի շարունակենք երկրի մրցունակութեան բարձրացման եւ տնտեսութեան զարգացման ուղղուած ջանքերը», նշեց Աբրահամեան եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Համաշխարհային դրամատան հետ հետագայ համագործակցութիւնը պէտք է ընդլայնի: Մեր ծրագիրները կը շարունակեն պահպանել շրջանի ամէնէն բարձր կատարողական մակարդակը՝ հետեւողականօրէն զարգացնելով տնտեսութիւնը եւ նուազեցնելով աղքատութիւնը, ըսած է ան:
Պերթրան Պատրէ, կարեւոր նկատելով գործակցութեան շարունակականութիւնը, նշեց. «Հայաստան Համաշխարհային դրամատան յուսալի գործընկերն է, եւ մենք ուրախ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը երկարաժամկէտ ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ»:
Լոռա Թաք, գերազանց գնահատելով այս մարզին մէջ Հայաստանի աշխատանքը, շեշտեց. «Համաշխարհային դրամատունը պիտի շարունակէ օժանդակութիւնը Հայաստանին եւ պիտի օգնէ յառաջ մղելու բարեփոխումները»:
Հանդիպում՝ նաեւ Միջազգային Դրամական ֆոնտի տնօրէնին հետ
Վարչապետ
Յովիկ Աբրահամեան Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային այցելութեան վերջին օրը տեսակցեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտի տնօրէն Քրիսթին Լակարտի հետ: «Մանր տնտեսական հարցերու մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտը եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի կարեւոր գործընկերը: Այս մարզին կայունութիւնը Հայաստանի անկախացումէն ի վեր երկրի կարեւորագոյն նուաճումներէն է, որուն տարիներու ընթացքին մեծապէս նպաստած է Միջազգային դրամական ֆոնտը», յայտարարեց վարչապետը:
Աբրահամեան նշեց, որ տարեսկիզբին Միջազգային դրամական ֆոնտի խորհուրդին կողմէ հաստատուած եռամեայ ծրագիրը զարգացման նոր փուլ կը նախանշէ Հայաստանի տնտեսութեան համար‘ վստահութիւն յայտնելով, որ ծրագիրի իրականացման շնորհիւ Հայաստան ընդհուպ կը մօտենայ զարգացող շուկաներ ունեցող երկիրներու խումբին:
«Միջազգային դրամական ֆոնտը բոլորին տունն է, եւ Հայաստան այդ ընտանիքին լիիրաւ անդամն է: Հայաստան վստահելի գործընկեր է, եւ մենք պիտի շարունակենք համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ պիտի օժանդակենք տնտեսութեան զարգացման ուղղուած կառուցային բարեփոխումներուն», յայտարարեց Քրիսթին Լակարտ:
Տեսակցութեան ընթացքին կողմերը քննարկեցին հետագայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: