Երեւանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակին առջեւ համախմբուեցան դարձեալ երէկ կէսօրին Հայաստանի մէջ ապրող եզիտները, բողոքելու համար Սուրիոյ մէջ ընդդէմ քիւրտերուն իսլամականներու իրագործած կոտորածին դէմ:
Հայաստանի եզիտիներու ներկայացուցիչները պաստառներ եւ լուսանկարներ բռնած իրենց ձեռքին, արցունքոտ աչքերով իրենց
ցաւն ու բողոքը յայտնեցին իսլամական ծայրայեղականներու հետապնդումներուն իբրեւ հետեւանք՝ տասնեակ հազարաւոր եզիտիներուն դիմագրաւած դժուար վիճակին եւ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին առընչութեամբ:
Եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ եւս կը շարունակուի քիւրտերու պայքարին զօրակցական մթնոլորտը, միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ պահանջք հնչեցնելով այս հարցի մասին: Հայաստանը իր կարգին, իր արտաքին գործոց նախարարութեան ընդմէջէն կը յայտարարէ թէ պիտի շարունակէ բարձրաձնել թէ՛ Իրաքի, եւ թէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ գործադրուող բռնութիւններուն վերջ դնելու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ նպատակով պիտի օգտագործէ իր բոլոր կարելիութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ եզիտիներու համայնքը նոյն խնդրանքով դիմած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին: