Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Թուրքիան պատրաստ չէ առեւրեսուելու իր պատմութեան հետ»

Աշխատանքային այցով Ժընեւ գտնուող ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Էտուարտ Շարմազանով, Միջխորհրդարանական միութեան 131րդ վեհաժողովի ծիրէն ներս, հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Խորհրդարանի անդամ, Միջխորհրդարանական միութենէն ներս Յունաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Եորղիոս Գոնսթանտոփուլոսի հետ:

«Արմէնփրէս» կը տեղեկացնէ թէ երկուստեք գոհունակութեամբ նշուած է հայ-յունական միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը ու կարեւոր նկատուած է խորհրդարանական համագործակցութեան հետագայ խորացումը:
ԱԺ փոխ նախագահ Է. Շարմազանով նկատել տուած է որ տարակուսանք կը յառաջացնէ յոյն որոշ պատգամաւորներու պահուածքը Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովէն ներս, որոնք, -ըստ իր բնորոշման- կը փորձեն ստուեր ձգել հայ-յունական եղբայրական յարաբերութիւններուն վրայ: Եորղիոս Գոնսթանտոփուլուս իր հերթին նշած է, որ չի կիսեր այդ պատգամաւորներու կարծիքը, կարեւորելով խորհրդարանական վեհաժողովներուն մէջ իրար սատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթերով ցուցադրութիւն
Յունաստանի խորհրդարանէն ներս

Էտուարտ Շարմազանով նշած է նաեւ թէ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է 2015 թուականին Յունաստանի խորհրդարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի շարք մը ցուցանմուշներ ներկայացնելու ուղղութեամբ: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնելու օրինագիծի ընդունման համար: