Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար, Եւրոերեսփոխան Էլենի Թեոխարուսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ ընդունուեցաւ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Եւրոպա-Արցախ փոխ գործակցութեան, տարածաշրջանային գործընթացներու եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Բակօ Սահակեան նշած է, որ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կը հանդիսանայ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը, եւ պաշտօնական Ստեփանակերտը շահագրգռուած է փոխ գործակցութեան շարունակական ընդլայնման մէջ:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոեանը, ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանը, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:
Հանդիպում՝ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ
Արցախի Հ.Յ. Դաշնակցութեան գրասենեակին մէջ հիւրընկալուեցաւ եւրոերեսփոխան Էլենի ԹԷոխարուս եւ իրեն ըն-կերացող խումբը: Ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանդապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Վահրամ Բալայեան, Ասկերանի քաղաքապետ Ալիոշա Գաբրիէլեան:
Քննարկուեցան Արցախի տագնապի արդարացի լուծման կարեւորութեան վերաբերեալ հարցեր:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան բարձր գնահատեց Թէոխարուսի գործունէութիւնը՝ Արցախի ժողովուրդի արդար պահանջները եւրոպական ատեաններուն մէջ ներկայացնելու ու պաշտպանելու գործը, եւ համառօտ կերպով ներկայացուց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման համար մղած պայքարը:
«Ես իմ գործունէութեամբս ամբողջութեամբ կը սատարեմ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին» ըսաւ Էլէնի Թէոխարուս: