Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ երկիրներու առեւտուրի ընդհանուր ցուցանիշը ընթացիկ տարուայ ութ ամիսներուն կազմեց աւելի քան 839 միլիոն 535 հազար 500 տոլար, որ կը կազմէ ՀՀ արտաքին
առեւտուրի ընդհանուր ծաւալի 23.1 տոկոսը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի հաղորդած տուեալներուն, Եւրասիրական Տնտեսական Միութեան անդամ Ռուսաստանէն Յունուար-Օգոստոս ժամանակաշրջանին ներմուծուած է շուրջ 646.670 տոլարի ապրանք, արտահանուած է՝ 184.775.800 տոլար, Պելառուսէն ներմուծուած է 17.670.500, արտահանուած՝ 5.529.400 տոլար: Ղազախստանի հետ Հայաստանի առեւտրային ցուցանիշները այս տարուայ 8 ամիսներուն ունեցան հետեւեալ տեսքը՝ ներմուծումը կազմած է մօտ 352.8 հազար տոլար, արտահանումը՝ աւելի քան 4 միլիոն 572.5 հազար տոլար:
Հայաստան-Ռուսաստան
առեւտրաշրջանառութիւն
Ռուսաստան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի թիւ 1 առեւատրային գործընկեր երկիրը՝ թէ արտահանման եւ թէ ներմուծման տուեալներով: Այսպէս՝ Հայաստանէն Ռուսաստան արտահանուած շուրջ 400 ապրանքախումբերուն մէջ ընդգրուած են տարբեր ապրանքներ՝ Էթիլային ալքոհոլ, այլ ըմպելիներ, ադամանդ, ծիրան, դեղձ եւ այլ միրգեր, թարմ կամ սառած ձուկ եւ խեցգետնակերպեր: Արտահանուած ապրանքներու մէջ մեծ է նաեւ պահածոյ մրգերու, հատապտուղներու եւ ընկուզեղէնի, բնական եւ արհեստական ջուրերու կշիռը:
Ընթացիկ տարուայ ութ ամիսներուն մէջ Ռուսաստանէն Հայաստան ներմուծուած ապրանքները եղած են՝ հեղուկ կազ, նաֆթ եւ նաֆթամթերք, ցորեն, անմշակ ալիւմինիւմը եւ ձեթ:
Ռուսաստանէն մեր երկիրը ներկրուած է նաեւ շոքոլա, ալքոհոլ եւ այլ ալքոհոլային ըմպելիներ, եգիպտացորեն, սիկարեթ, մարկարին եւ այլ սննդամթերք, ադամանդ, մարդատար ինքնաշարժներ, բեռնակիր մեքենաներ, հաց:
Մնացեալ երկիրներու պարագային նշենք, թէ Հայաստան-Պելառուս առեւտրաշրջանառութեան մէջ հիմնական բաժին կÿիյնայ թրաքթորներու եւ այլ շարժիչային փոխադրամիջոցներու տեսակներու, դեղամիջոցներու, կաթ ու փոշի կաթ:
Հայաստան-Ղազախստան պարագային՝ էթիլային ալքոհոլ եւ ոսկերչական իրեր: Ղազախստանէն մեր երկիրը կը ներմուծուի երկաթ եւ պողպատ: