Փայլուն տօնակատարութիւններով Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ, նշուեցաւ «Էրեբունի¬Երեւան 2796» տօնախմբութիւնը։
Երեւանի տարբեր վարչական շրջաններու մէջ կազմակերպուած շարք մը ձեռնարկներուն ներկայ եղան քաղաքապետական շրջանակները եւ ժողովուրդը՝ զուարթ տրամադրութեամբ։
Տեղի ունեցած է Երեւանի գլխաւոր պողոտայի՝ Նալբանդեան¬Հանրապետութեան փողոցներու միջեւ գտնուող այգիի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը։ Նոյնպէս բացումը կատարուած է Նոր Նորք վարչական շրջանէն ներս տեղադրուած՝ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր, մեծ հայասէր Ֆրիտիոֆ Նանսէնի նուիրուած թանգարանին։