Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Անցնող շաբաթավերջին կայացաւ Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ՝ եւրոերեսփոխան դոկտոր Էլէնի Թէոխարուսի այցելութիւնը Երեւան եւ տեսակցութիւնները՝ ՀՀ նախագահ Սերժ

Սարգսեանին, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին  եւ ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութեանց մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Արտակ Զաքարեանի հետ:
Եւրոերեսփոխան Էլէնի Թէոխարուս ՀՀ Ազգային Ժողովին կողմէ արժանացաւ պատուոյ մետալի, որ իրեն յանձնեց ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուս Սահակեանը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն տիկին Թէոխարուսի խորհրդատուն, դոկտոր Իոաննիս Խարալամպիտիս, Պելճիքայի Լէօվենի կաթողիկէ համալսարանի դասախօս Պերնար Քուլի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան։ Անցեալ Ուրբաթ օր տեղի ունեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս պատուիրակութեան ընդունելութիւնը, ուր անդամները զրուցեցին Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան վերջին զարգացումներուն մասին, Միջին արեւելքի ճգնաժամին ու յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ փոքրամասնութեանց հալածանքներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն - Արցախի հիմնահարցի լուծման, եւ հակահայ թուրքեւազերի յարձակողապաշտութեան մասին:
Երեւանի մէջ պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշակոթող՝ Ծիծեռնակաբերդ:
Ապա, Շաբաթ օր պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Արցախ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երկրի ղեկավարութեան հետ. քննարկումներու շարքին էին Եւրոպայի մէջ Արցախի ճանաչման հարցը, զբօսաշրջիկութեան յաւելեալ խթանումը եւ այլ կարեւոր հարցեր: Իսկ այսօր Երկուշաբթի օր, նախատեսուած է համաձայնագրի մը ստորագրումը Արցախի պետական հաամլսարանի եւ Լէօվենի կաթողիկէ համալսարանին միջեւ:
«Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութեանց հետ նման բարձր մակարդակի հանդիպումները մեզի համար կարեւոր են: Հայստանը անկեղծ բարեկամներ ունի Եւրոպայի մէջ, որոնք Հայաստանի դիրքերը կ'ամրացնեն Եւրոմիութեան մէջ. յառաջիկայ տարիներուն ա՛լ աւելի պիտի խթանուին ակադեմական եւ կրթութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը»,  ըսաւ Գասպար Կարապետեան, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը: Կարապետեան նաեւ բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին եւ Արցախի երկար տարիներու բարեկամ դոկտ. Թէոխարուսին յանձնուած պատուոյ շքանշանը:
Աւելցնենք, որ գալ շաբթու մէջ երկու տարբեր ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Եւրոխորհրդարանէն ներս: Պիտի ներկայացուի Աննա Աստուածատրեան Թարքոթի «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն» գիրքը, որ հալածուած հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանահայութեան ձայն կու տայ, եւ յատկապէս՝ Արցախի 23-րդ անկախութեան առթիւ հիւրասիրութիւնը: Հոկտեմբերի մէջ նաեւ, Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ պիտի ցուցադրուի Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ֆիլմը:

 

Տոքթ. Թէոխարուս այցելեց ՀՅԴ կեդրոնը եւ Դաշնակցութեան թանգարանը

Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի անդամ (Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս) Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան Եւրոխորհրդարանէն ներս բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլէնի Թէոխարուս, Արցախ մեկնելէ առա, 10 Հոկտեմբեր, 2014-ին այցելեց Երեւանի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնը, եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ:
Դոկտ. Թէոխարուսին կ'ընկերակցէին իր օգնականը՝ Իոաննիս Խարալամպիտիս եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան:
Եւրոերեսփոխան Է. Թէոխարուս եւ Հ. Մարգարեան զրուցեցին Լեռնային Ղարաբաղ - Արցախի հիմնահարցի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ: Տիկին Թէոխարուս բարձր գնահատեց ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը, եւ նշեց իր երկարամեայ ծանօթութիւնը կուսակցութեան հետ, Կիպրոսի կոմիտէութեան հետ գործակցութեան ճամբով: Հրանդ Մարգարեան Թէոխարուսին յանձնեց ՀՅԴ հրատարակութեամբ գիրք եւ պատմական ալպոմ:
Հանդիպումէն ետք, անոնք այցելեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան թանգարանը: