Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Air Armenia օդանաւային ընկերութիւնը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը տարածած է, ուր կը յայտնէ, թէ սահմանուած կարգով ըստ թռիչքներու ցուցակի կ'իրագործուին ընկերութեան կողմէ յայտարարուած բոլոր թռիչքները: 

Թռիչքներու ցուցակին համաձայն՝ «Air Armenia» ուղեւորա- փոխադրումներ կ'իրագործէ դէպի Ռուսաստան եւ եւրոպական երկիրներ:
Յայտնենք, թէ օդանաւային ընկերութեան երկու օդանաւերու տեքնիկական սպասարկման պատճառով՝ ժամանակաւորապէս դադրեցուած են դէպի Ֆրանկֆուրտ թռիչքները: Այսուհանդերձ, կանոնաւորապէս կը շարունակուին դէպի Փարիզ եւ Աթէնք կատարուող թռիչքները:
Աթէնքի պարագային նշենք, թէ անցեալ Երկուշաբթի օր առկախուած թռիչքը՝ կանոնաւորապէս կ'իրագործուի այսօր Հինգշաբթի օր: