Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Այսօր Հոկտեմբերի 9-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գծին վրայ դիտարկում կը կատարէ, ԼՂՀ Մարտունի շրջանի Կուրոպատկինօ բնակավայրի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ:

ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը կ'իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ՝ Խրիստօ Խրիստովը (Պուլկարիայէն) եւ Իրժի Ապերլէն (Չեխիա): Շփման գծի հակառակ կողմէն եւս դիտարկում տեղի կÿունենայ: ԼՂՀ իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման, ապահովելով ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներու անվտանգութիւնը:


ՀԱՊԿի Գլխաւոր Քարտուղարը առաջին անգամ ըլլալով
այցելած Է հայ-ազերիական սահման

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորթիւժա Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի ընկերակցութեամբ այցելած է մարտական յենակէտեր, տեղւոյն վրայ ծանօթացած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ մարտական հերթապահութիւն կատարող հայ դիրքապահներու մարտական առօրեային:
Այցելութեան ծիրին մէջ բանակային զօրամիաւորման հրամանատար զօր. Իշխան Մաթեւոսեան սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցած է սահմանագօտիին վրայ տիրող իրավիճակին, հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութեան պարբերաբար խախտումներու եւ հայկական կողմէ ձեռնարկուող կանխարգելիչ գործողութիւններուն վերաբերեալ: Ան նաեւ ներկայացուցած է մարտական աշխատանքներուն ընթացքը։
ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարը ծանօթացած է նաեւ հայ սահմանապահներու ընկերային-կենցա- ղային պայմաններուն, թիկունքային ապահովման, մարտական ծառայութեան առանձնայատկութիւններուն:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորթիւժա անդրադառնալով սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին՝ նշած է, որ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ գոհացուցիչ է եւ իր այցելութեան նպատակն ալ այդ սահմանագիծին վրայ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ համապատասխան զեկոյց կազմելն է:
Ասիկա ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին առաջին այցելութիւնն էր հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտի: Ողջունելով Նիքոլա Պորթիւժայի այս քայլը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նշած է, որ նմանօրինակ այցելութիւնները կը վերահաստատեն, որ ՀԱՊԿի ղեկավարութիւնը հետա- քրքրուած է ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններուն մէջ տիրող իրավիճակով: