Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի մէջ է Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան խորհրդական, քաղաքական, տնտեսական, մամուլի եւ տեղեկատուութեան բաժնի ղեկավար Դիրկ Լորենցը։

«Մենք կը յարգենք Հայաստանի ինքնուրոյն որոշումը իր արտաքին քաղաքական կողմի ընտրութեան վերաբերեալ եւ պատրաստ ենք շարունակել համագործակցութիւնը այն ուղղութիւններով, որոնք չեն խոչընդոտեր Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան», «Արմէն- փրէս»ի հաղորդմամբ ըսած է Լորենցը։

Հայաստանի մէջ Դ. Լորենց արդէն ծանօթացած է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մէջ Հայաստանի անդամակցութեան նախագիծի այն տարբերակին, որ տարածուած է համացանցով։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ներկայացնէ, թէ ինչպիսի յանձնառութիւններ կը նախատեսէ ստանձնել ԵՏՄ ծիրէն ներս, «որպէսզի մեզ համար ալ հասկնալի ըլլայ, ինչպէս նաեւ Հայաստանը յըստակացնէ, թէ ի՛նչ ոլորտներու մէջ կը ցանկայ համագործակցիլ Եւրոմիութեան հետ»։
Լորենցը նկատեց, որ Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւն պէտք է փորձեն իրաւական հիմքեր ստեղծել հետագայ համագործակցութեան համար։