Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 Հոկտեմբերին այցելած է հանրապետութեան հարաւային թեւ ու հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ ղեկավար կազմի խումբ մը անդամներու հետ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մաս- նակցութիւնը Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ՝ նշելով, որ «նման մօտեցում հանդիսանում է մեր հանրապետութեան սոցիալ-տնտեսական զարգացման կարեւորագոյն գրաւականներից մէկը»:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: