Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ Երկուշաբթի 6 Հոկտեմբերին, Երեւան այցելեց Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան: Ան ընդունուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի կողմէ:

Նախագահ Սարգսեան ողջունեց Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի այցելութիւնը, որ կը կրէր նպատակային բնոյթ եւ կապուած էր վերջին շրջանին կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու սահմաններուն նկատուած լարուածութեան շիկացման, ներառեալ անցեալ Օգոստոսին հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրման հետ:
«Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ, ցաւօք, ազրպէյճանական կողմի սադրիչ գործողութիւնները ամէն ձեւով սպառնալիքի տակ կը դնեն Կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ձեւաւորուած անվտանգութեան փխրուն համակարգը: Մշտապէս խախտելով զինադադարի դրութիւնը, Ատրպէյճան կը վնասէ խաղաղ ճանապարհով տագ- նապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերը», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: Նախագահը ընդգծեց, որ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան գծով շարք մը գործընկերներու դիրքորոշումը, որոնք կը դրսեւորուին տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ դաշնակիցներու համար արմատական հետաքրքրութիւն ունեցող հարցերու մէջ եւ մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ, չի համապատասխաներ բանակցային հոլովոյթի ընդհանուր ոգիին, կը հակասէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն եւ առաջարկներուն, ինչպէս նաեւ Կազմակերպութեան ծիրին մէջ ընդունուած փաստաթուղթերուն:
Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ եւ հայատեաց յայտարարութիւնները համապատասխան արձագանգի չեն արժանանար Կազմակերպութեան անդամ գործընկերներուն կողմէ, ինչ որ, Սերժ Սարգսեանի համոզումով, կրնար զսպել ատրպէյճանական ղեկավարութեան արկածախնդիր նկրտումները:
Ըստ նախագահին, իբրեւ արդիւնք, Ատրպէյճան կը շարունակէ լարուածութիւն հրահրել եւ կը ձեռնարկէ սադրիչ գործողութիւններու՝ կոպտօրէն խախտելով տագնապի խաղաղ լուծման իր յանձնառութիւնը եւ միջազգային մարդկային իրաւունքի կանոնները: Անոր վառ վկայութիւնը ատրպէյճանական կողմէն գերեվարուած Կարէն Պետրոսեանի սպանութիւնն էր:
Պորտիւժա նշեց, որ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան խորհուրդի յառաջիկայ նիստի նախապատրաստման ծիրին մէջ ինք այսօր կը զբաղի անվտանգութեան տեսանկիւնէն Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն առջեւ դրուած աւելի սուր խնդիրներու ուսումնասիրումով: Յիշատակելով Օգոստոսեան իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահին՝ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հանդիպումները, Պորտիւժա յայտնած է, որ անոնց յառաջիկայ նիստին անհրաժեշտ է զեկուցել եւ քննարկել բոլոր այն խնդիրները, որոնք կրնան լրջօրէն ազդել կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու անվտանգութեան վրայ:

 

Նալբանդեան Ընդունեց Նիքոլայ Պորտիւժան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երկուշաբթի ընդունեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:
«Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի սեպտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցած նստաշրջանի որոշումներու իրականացման ընթացքը եւ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն միջեւ արտաքին քաղաքական համադրման առնչուող հարցեր: Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու պետական սահմաններու անվտանգութեան ապահովման նպատակով համագործակցութեան մեքանիզմներու ամրապնդումը», յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը:
Հանդիպման նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային նախատեսուած Կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու նիստերու նախապատրաստական աշխատանքներուն: