Հայաստանն ու Յունաստանը ամենաբարձր մակարդակով յանձնառու են երկկողմ միջպետական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման
Հայաստանի մէջ կը շարունակուի Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի պաշտօնական այցելութիւնը:
Երէկ կէսօրին, ՀՀ նախագահական պալատէն ներս, կայացաւ նախագահ Փափուլիասի հանդիպումը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Անմիջապէս յետոյ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ՀՀ նախագահ յայտնեց թէ Հայաստան շնորհակալ է Յունաստանին, Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին համար: Սերժ Սարգսեան անդրադառնալով կարճ ժամանակ առաջ հելլէն խորհրդարանէն ներս հակացեղապաշտական օրինագիծին ըսաւ թէ «Ռասիզմի եւ այլատեացութեան դէմ պայքարի» օրինագիծի լրամշակուած տարբերակի ընդունումը Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ժխտողականութան դէմ պայքարի արդիւնաւէտ գործօն է։ «Յաջորդ տարի հայ ժողովուրդը ոգեկոչելու է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։ Հայաստան այդ տարի դառնալու է Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ միջազգային պայքարի կարեւոր հարթակներից մէկը։ Ապրիլին անց է կացուելու ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պայքարի կարեւոր քաղաքական-հասարակական ֆորում։ Բարեկամ յոյն ժողովուրդի ներկայացուցիչներին եւս՝ որպէս Պոնտոսի յոյների ժառանգների, հրաւէր է ուղարկուել՝ մասնակցելու այդ միջոցառման։ Իսկ ես հրաւիրել եմ նաեւ Յունաստանի նախագահին 2015 թ. Ապրիլ 24-ին լինել Հայաստանում հայ ժողովուրդի հետ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը», յայտարարեց ՀՀ նախագահը։
Հայաստանը կը գնահատէ ԼՂ հարցով
Յունաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը
Շարունակելով, ՀՀ նախագահը յայտնած է թէ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Յունաստանի հաւասարակշռուած եւ կառուցողական դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին կապակցութեամբ։ ՀՀ նախագահը Գարոլոս Փափուլիասի հետ հանդիպման ընթացքին, Յունաստանի իր գործընկերոջ ներկայացուցած է ԼՂ հիմնահարցի շուրջ վերջին զարգացումները։
«Մենք բարձր ենք գնահատում Յունաստանի հաւասարակշիռ եւ կառուցողական դիրքորոշուն այս հարցում։ Յունաստանի պաշտօնական դիրքորոշումն է սատարել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործունէութեանը եւ Մինսկի խումբի առաջարկած լուծումների տարբերակին» ըսած է ՀՀ նախագահը։ Իր կարգին Յունաստանի նախագահը Հայաստանի իր գործընկերոջ ներկայացուցած է Կիպրական խնդրի շուրջ վերջին զարգացումները ու նշած, թէ բանակցութիւնները այդ հարցով ճգնաժամային փուլի մէջ են։ «Մենք կը պայքարինք թրքական բռնատիրութեան վերջ դնելու ուղղութեամբ, սակայն թրքական ղեկավարութեան վերջին յայտարարութիւնները յուսադրիչ չեն», ըսած է Փափուլիաս։
Հայ եւ յոյն գործարարները
կ'ամրապնդեն առեւտրատնտեսական
յարաբերութիւնները
Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահներըու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հայ-յունական գործարար համաժողով։ Նախագահները բացումը կատարած են գործարար համաժողողվին, նշելով թէ մեծապէս կարեւոր կը նկատուի նաեւ հայ-յունական միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութիւնը։
Յունաստանէն ժամանած գործարարները հայ գործընկերներու հետ քննարկեցին կապերու ընդլայնման հնարաւորութիւնները, ներկայացնող շուկաներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալելու պայմանները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններ հաստատուած են 1992 թուականէն։ Ներկայիս երկու պետութիւններու միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը կը կազմէ տարեկան աւելի քան 20 միլիոն ԱՄՆ տոլար։ Հայաստանէն Յունաստան արտահանման հիմնական ապրանքախումբերն են՝ ելեկտրական մեքենաներ եւ սարքաւորումներ, ալիւմին եւ ալումինէ իրեր, ինչպէս նաեւ սնունդի տեսակ։
Ներմուծման հիմնական ապրանքախումբերն են՝ հանքային վառելանիւթեր, նաւթ եւ նաւթամթերք, մոմանիւթեր, ելեկտրական մեքենաներ եւ սարքաւորումներ, ձայնագրող մեքենաներ եւ անոնց մասերը, ծխախոտ եւ ծխախոտի արդիւնաբերական փոխարինողներ, միրգեր եւ ընկոյզներ, մշակաբոյսեր, իրեր սեւ մետաղներէ, ալումին եւ ալումինէ իրեր, կահոյք, անկողնային պարագաներ, կաթսաներ, սարքաւորումներ եւ մեքանիկական մասեր։
Այս ուղղութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ հայ-յունական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն։
Տնտեսական յարաբերութիւնները հասցնել ռազմաքաղաքական
գործակցութեան մակարդակի
Հայաստանն ու Յունաստանը ամենաբարձր մակարդակով յանձնառու են երկկողմ միջպետական յարաբերութիւններու շարունակակն զարգացման։ Երկու պետութիւններու ղեկավարները Երեւանի մէջ փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ քննարկեցին համագործակցութեան ուղիները։ «Հայաստանի եւ Յունաստանի յարաբերութիւնները աչքի են ընկնում բարձր մակարդակով։ Առանձնակի դրուատանքի է արժանի պաշտպանութեան նախարարութիւնների կառուցողական երկխօսութիւնը։ Հայ զինծառայողները տարիներ շարունակ վերապատրաստւում են Յունաստանի ռազմական ուսումնական հաստատութիւններում, եւ պատահական չէ, որ միջազգային խաղաղարար առաքելութիւներում փոխ գործակցութիւնն արժանացել է միջազգային բարձր գնահատանքի», յայտարարած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը։
Սերժ Սարգսեանի խօսքով՝ առեւտրատնտեսական կապերը պետական մակարդակով խթանման կարիք ունին։ «Համոզուած ենք, որ պարտաւոր ենք տնտեսական յարաբերութիւնները հասցնել քաղաքական երկխօսութեան եւ բարեկամութեան մակարդակին։ Յունաստանի նախագահի այցելութիւնը կը նշանաւորուի տնտեսական երկկողմ փաստաթուղթերու ստորագրմամբ, որը կը համալրի իրաւապայմանագրային բազայի շուրջ 4 տասնեակ փաստաթուղթերը»,- ըսած է ՀՀ նախագահը։
«Հայաստանը պատրաստ է ընդլայնելու կապերը Եւրոմիութեան հետ եւ յոյս ունենք, որ բարեկամ Յունաստանը կ'աջակցի այս հարցում»,- նշած է Սերժ Սարգսեանը։
Յունաստանի նախագահը եւս կարեւոր նկատած է բարեկամութեան եւ գործակցութեան մակարդակի խորութիւնը։ «Միակարծիք ենք, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջպետական յարաբերութիւնները միշտ բարձր մակարդակի վրայ եղած են։ Երկկողմ յարաբերութիւնները շատ բարձր մակարդակի վրայ են եւ փոխ գործակութիւնը կրնայ ընդլայնուիլ»,- ըսած է Փափուլիաս։