Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Այսօր Երկուշաբթի 29 Սեպտեմբերին, սկիզբ կ'առնէ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան: Յունաստանի նախագահին կ'ընկերանայ արտաքին գործոց փոխ նախարար Քիրիաքոս Երոնտոփուլոս, ինչպէս եւ գործարարներու խումբ:

Կէսօրուայ ժամը 2ին, Երեւանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանէն ներս տեղի կ'ունենայ պաշտօնական դիմաւորումը, ապա կը յաջորդէ այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդ, ուր նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս դափնեպսակ պիտի զետեղէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած է այցելութիւն Արմաւիրի մարզ, ուր նախագահ Փափուլիաս պիտի դիմաւորուի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Յաջորդ օրը յատկացուած է պաշտօնական հանդիպումներու: Առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ պատշաճ արարողութիւն ՀՀ նախագահական պալատէն ներս եւ առանձնազրոյց՝ երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ: Պիտի յաջորդէ համաձայնագրի ստորագրում՝ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ հողագործական բնագաւառէն ներս համագործակցութեան համար:
Պիտի յաջորդէ հանդիպում Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս, ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ:

Գործարարական համաժողով
Երեքշաբթի 30 Հոկտեմբերին պիտի կազմակերպուի գործարարական համաժողով «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցէն ներս: Բացումը պիտի կատարէ Յունաստանի Արտաքին Առեւտուրի Ընկերութեան նախագահ Արիսթոմենիս Սիկրոս: