Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անրի Ռենոն Երկուշաբթի լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին  ամփոփեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի երեւանեան այցելութիւնը:


Դեսպանը նշեց, որ Ֆրանսայի նախագահի այցը սպասուած էր եւ համընկաւ անկախութեան 20-ամեակի հետ, որը լաւ առիթ էր խօսելու հայ-ֆրանսական համագործակցութեան, 2 տասնամեակի ձեռքբերումներուն եւ խնդիրներուն մասին:
«Այս տարին առանձնայատուկ էր Հայաստանի եւ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն համար», - նշեց դեսպանը՝ աւելցնելով, որ յատկապէս կարեւոր կը նկատէ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ Օգիւստ Ռոտենի հեղինակած արձանի բացման արարողութեան ժամանակ Նիքոլա Սարքոզիի ելոյթը:
Յիշեցնենք, որ Սարքոզին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ արտասանած էր ցեղասպանութիւն բառը, յայտնեց Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին եւ ըսաւ, որ Ֆրանսան «հպարտ է Հայաստանի այն դստրերով եւ որդիներով, որոնք Ֆրանսան հարստացուցած են իրենց հանճարով եւ արուեստով»:
Ֆրանսայի դեսպանի խօսքով՝ Հայաստանը կարող է հպարտ ըլլալ իր 20 տարուայ ձեռքբերումներով, քանի որ անոնք դժուարութեամբ եղած են, մրցակցութեան եւ յետպատերազմեան տարիներու պայմաններով:
«Հայաստանը հաստատեց քաղաքական նոր համակարգ, որդեգրեց ժողովրդավարութեան նոր մշակոյթ, իրականացուց անցք դէպի շուկայական տնտեսութիւն, միջազգային թատերաբեմին  վրայ իր տեղը զբաղեցուց, անդամագրուեցաւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան, Եւրոխորհուրդի անդամ դարձաւ, հիմա ալ կը բարելաւէ յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ, եւ չնայած անոր, Հայաստանին բաժին հասած մարտահրաւէրները բազում են եւ դժուար՝ թէ՛ արտաքին, թէ՛ տնտեսական ոլորտէն ներս», - ըսաւ Ֆրանսայի դեսպանը՝ նշելով, որ Հայաստանը հաստատուն քայլերով կÿառաջանայ դէպի Եւրոմիութիւն:
Յիշեցնենք, սակայն, որ Պրիւքսելի մէջ, խօսելով Եւրոմիութեան հարեւանութեան ծրագրերու մասին, ԵՄ ընդարձակման եւ եւրոպական հարեւանութեան հարցերով յանձնակատարար Շտեֆան Ֆիւլէն ըսած էր, որ ԵՄ-ի հարեւանութեան ծրագրերուն մէջ ընդ-գրկուած երկրներուն չէ տրուած ԵՄ անդամ դառնալու խոստում: Իսկ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու ցանկին մէջ շարունակաբար որպէս ամենազգալի յաջողութիւններ գրանցած երկիրներ կը նշուին Վրաստանը եւ Ուքրանիան:
Անդրադառնալով ԵՄ-ի հետ համագործակցութեան սերտացման, Անրի Ռենոն նշեց, որ Ֆրանսան ամէն ձեւով կÿաջակցի Հայաստանին այդ հարցով, սակայն թէ երբ հայերը դիւրացած ռեժիմով          կը կարողանան ԵՄ անդամ երկիրներ մեկնելու թոյլտուութիւն ստանալ, դեսպանը դժուարացաւ նշել:
«Մինչ այսօր վիզային ռեժիմի դիւրացման շուրջ բանակցութիւններու գործընթացը բարեյաջող ընթացած է եւ բաւականին շուտով ուժի մէջ կը մտնէ: Այդ գործընթացին պիտի յաջորդեն երկկողմանի ազատ առեւտուրի շուրջ բանակցութիւնները», - ըսաւ դեսպանը: