Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Արմէն- փրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան ու Էլմար Մամետեարով Սեպտեմբեր 23ին հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանի՝ հանդիպման մասնակցած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները:Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիները:
Աւելի կանուխ, ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք անջատ հանդի- պում մը ունեցած է Մամետեարովի հետ։
Յիշեցնենք, որ Նիւ Եորքի մէջ կը կայանայ ՄԱԿի 69րդ Ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցելու համար Ամերիկա կը գտնուին երկու նախարարները:

Էրտողան
Ամերիկայի մէջ պիտի տեսակցի հայ եւ հրեայ
առաջնորդներու հետ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սապահ» օրաթերթի անգլերէն տարբերակին մէջ կը հաղորդըւի, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ Նիւ Եորք մեկնած է ՄԱԿի տարեկան ժողովին մասնակցելու նպատակով, հանդիպումներ պիտի ունենայ հայ եւ հրեայ համայնքներու առաջնորդներուն հետ։ Ըստ թերթին՝ Էրտողան հանդիպում մը պիտի ունենայ հրէական համայնքի առաջնորդին հետ, իսկ ապա պիտի տեսակցի Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի հետ։