Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Յունաստանի դեսպան Իոաննիս Տաղիսը եւ դեսպանութեան նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, գնդապետ Եորղիոս Մաւրոիտիսը:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորեց գնդապետ Մաւրոիտիսը Հայաստանի մէջ զինուորական կցորդ նշանակուելուն առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան երկկողմ համագործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Սէյրան Օհանեան երէկ նաեւ ընդունեց Չինաստանի դեսպան Թիան Չանչունը՝ Հայաստանի մէջ անոր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին՝ իր դիւանագիտական առաքելութեան ընթացքին պաշտպանական մարզին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար: Տեսակցութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու հայ - չինական երկկողմ, ներառեալ՝ զինուորական համագործակցութեան հարցեր, կարծիքներ փոխանակուեցան անոնց հետագայ զարգացման ուղղութեամբ: