ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Տարեկան դրութեամբ Հայաստանէն կը հեռանայ 35 հազար անձ։ Հեռանալու պատճառը հիմնականին մէջ տնտեսական է:
Այս մասին կը հաստատէ Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան եւ պետութեան պատուէրով Սլաւոնական համալսարանի կատարած ուսումնասիրութիւնը, որ պիտի հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն:
«Ազատութիւնը», հետազօտութեան արդիւնքներուն մասին զրուցած է Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան ղեկավար Իլոնա Տէր Մինասեանի հետ:
«Գնալու պատճառը հիմնականում տնտեսական է. մարդիկ, որպէս կանոն, իրենց գնալը կապում են գործազրկութեան հետ: Կարեւոր է նկատել, որ արտագաղթի հիմնական պատճառը սոցիալ- տնտեսական է», յայտնած է Տէր Մինասեան:
Ըստ այս ուսումնասիրութեան՝ վերջին 6 տարիներուն Հայաստան վերադարձած է 80 համար մարդ, տարեկան՝ մօտ 13 հազար: Հեռացած ու վերադարձած մարդոց տարբերութիւնը 22 հազար է, որոնց աւելի քան 80 տոկոսը գացած է Ռուսիա: Ազգագրագէտ Աղասի Թադեւոսեան ըսած է, որ այս թիւը աւելի քան մտահոգիչ է:
«Տարեկան 20 հազարից աւելի մարդ հեռանում է մի երկրից, որտեղ մնացել է 2.5 միլիոնից մի քիչ աւելի մարդ: Տարեկան մօտ 20 հազար մարդու «կորուստը» Հայաստանի համար լուրջ կորուստ է: Պէտք է յատկապէս հաշուի առնել հեռացողների տարիքային խումբը: Հիմնականում գնում են երիտասարդ ու աշխատունակ տարիքի մարդիկ», նշած է ազգագրագէտը:
Հեռացողներուն աւելի քան 50 տոկոսը 20-54 տարեկան է: Այս մարդոց 63 տոկոսը Հայաստանի մէջ անգործ եղած է: Հեռացողներուն 82 տոկոսը տղամարդիկ են: Իլոնա Տէր Մինասեան նկատել տուած է, որ Հայաստանէն կը հեռանան հիմնականին մէջ համեմատաբար ցած որակաւորում ունեցող մարդիկ: Արտագաղթողներու կարգին բարձրագոյն կրթութեամբ մարդիկ կը կազմեն մօտ 17 տոկոս:
«Այս հետազօտութեան արդիւնքում, սկզբունքօրէն, մեզ համար չափազանց անսպասելի փաստեր չեն պարզուել, այլ հաստատել է այն, ինչ մենք ենթադրում էինք: Բացայայտում չէ, որ մարդիկ գնում են Ռուսաստան, բացայայտում չէ, որ գնում են աշխատելու հիմնականում շինարարութեան ոլորտում, կատարում են տեխնիկական հմտութիւններ պահանջող աշխատանք», դիտել տուած է Տէր Մինասեան:
Հետազօտութեան արդիւնքներու հրապարակման անհամբեր կը սպասէին բազմաթիւ մասնագէտներ, որովհետեւ նման մեծածաւալ ուսումնասիրութիւն վերջին անգամ Հայաստանի մէջ կատարուած է 6 տարի առաջ՝ 2007 թուականին, ՄԱԿի կողմէ, իսկ պետութեան մասնակցութեամբ ուսումնասիրութիւն չէր կատարուած 2001 թուականէն ի վեր:
Այս ուսումնասիրութեան համար, յիշեցնենք, կառավարութիւնը նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի օրօք տրամադրեց 13 միլիոն դրամ՝ որպէս համաֆինանսաւորող: Ուսումնասիրութեան դաշտային աշխատանքները աւարտած էին նախորդ Սեպտեմբերին, եւ կ՛ակնկալուէր, որ արտագաղթի ցուցանիշները բացայայտող հետազօտութիւնը պիտի հրապարակուէր 2014ի սկիզբը, սակայն անիկա տակաւին պաշտօնապէս չէ հրապարակուած։
Իլոնա Տէր Մինասեան բացատրած է, որ պատճառները թեքնիք էին, թէեւ շրջան կ՛ընէ այն վարկածը, որ Հայաստանի պետական այրերը կը հրահանգեն կամ կը համոզեն, որ հետազօտութիւնը աւելի շուտ չհրապարակուի:
«Մասնագէտը, ում ընտրել էինք, որ կատարէր աշխատանքը, Հայաստանում չէր եղել, եւ մօտ 3-4 ամիս վերլուծեց այս ահռելի ինֆորմացիան, յետոյ սկսուեցին կատարուել ճշգրտումներ, խմբագրում, թարգմանութիւն եւ այլն, աշխատանքն իրօք մեծածաւալ էր: Սա էր ուշացման պատճառը», յայտնած է ան։
Ուսումնասիրութիւնը գրքոյկի նման լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկային եւ պիտի տեղադրուի կայքերուն վրայ, պաշտօնական ներկայացում պիտի չկատարուի։
Քառեակը կ՛առաջարկէ արտագաղթին
վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներ կայացնել
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի նիստին ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան յայտարարեց, որ իշխանութիւնները իրենց առաջնահերթութիւններուն մասին պատկերացումներով ձեւաւորած են աշնանային նստաշրջանի օրակարգ մը, որուն մէջ թէեւ ներառուած են շարք մը կարեւոր հարցեր, սակայն կայ հարց մը, որ չ՛արտացոլար այդ օրակարգին մէջ։ Ան դիտել տուաւ, որ խորքին մէջ նկատի չառնուած այդ խնդիրը Հայաստանի բարօրութեան եւ ապագայի կարեւորագոյն հարցն է, ուստի քառեակի ուժերը Ազգային ժողովի նախագահէն կը պահանջեն՝ գործադրելով Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքի համապատասխան յօդուածները, հրաւիրել Ազգային ժողովի լսումներու՝ այդ անյետաձգելի հարցով: Լեւոն Զուրաբեան նշեց, որ խօսքը աղէտալի չափերու հասնող եւ Հայաստանի անվտանգութեան սպառնացող լայնածաւալ արտագաղթի մասին է:
«2008-13թթ. հեռացել է 212 հազար մարդ: Երկրի քաղաքական ուժերը պարտաւոր են սկսել բաց քննարկումներ երկրի արտագաղթի ծաւալները նուազեցնելու շուրջ: Եկէք, բաց խօսակցութիւն սկսենք՝ երկիրը դատարկուելուց փրկելու նպատակով», դիտել տուած է ան:
«Մենք ժողովրդի հետ շփւում ենք առանց միջնորդներ», Լեւոն Զուրաբեանին արձագանգեց Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Էդուարդ Շարմազանովը:
ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան նոյն հարցին առնչութեամբ աւելցուց. «Արտագաղթի հետ կապուած՝ քառեակի բարձրացրած հարցը պատասխան չստացաւ, այն շատ հրատապ է, դա ընդդիմութեան կամ իշխանութեան հարց չէ, այն կարող է դեմոգրաֆիկ լուրջ վտանգներ ունենալ: Մենք լուրջ ուսումնասիրութիւններ ենք անցկացրել արտագաղթի եւ դեմոգրաֆիական խնդիրների վերաբերեալ եւ ցանկանում ենք Ազգային ժողովին այդ ուսումնասիրութիւնները հասու դարձնել: Դուք որոշէք, դա կարող է լինել փակ կամ բաց քննարկում, բայց դա թիւ մէկ անհրաժեշտութիւն է եւ թիւ մէկ մարտահրաւէր: Դիմում եմ Ձեզ, պարո՛ն Սահակեան, երբ Ձեզ յարմար է, կազմակերպել լսումներ կամ այլ ֆորմատներով քննարկումներ: Կարեւորը մենք այդ հարցը Ազգային ժողովին ներկայացնելու հնարաւորութիւն ունենանք»:
Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը նշեց. «Դուք գնահատական էք հնչեցնում, այնինչ դա յանձնաժողովների խնդիրն է: Հարցը պատրաստէք, կը նայենք»: