Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ամէն տարի Հայաստանի մէջ մօտ 1500-2000 աղջկայ ծնունդը կը կասեցուի տակաւին սաղմային վիճակի մէջ, այսպիսով Հայաստան տարեկան դրութեամբ կը կորսնցնէ շուրջ 2000 ապագայ մայր, իսկ տղայ երեխաներուն նախապատուութիւնը վեց անգամ աւելի է:

Այս տուեալները 12 Սեպտեմբերին փոխանցած է ՄԱԿի բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան՝ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած «Ընտանիք, հասարակութիւն եւ եկեղեցի. Ժամանակակից մարտահրաւէրներ» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին ներկայացնելով իրենց ուսումնասիրութիւնը:

«Առաջին հետազօտութիւնը կատարեցինք 2011 թ.ին: Երկրորդ հետազօտութեամբ փորձեցինք պարզել, թէ ինչ հետեւանք է ունենալու Հայաստանի ժողովրդագրութեան վրայ, եւ պարզ դարձաւ, որ Հայաստանում սեռերի յարաբերակցութիւնը խախտուել է 1991 թուականից ի վեր», յայտնած է ան՝ շեշտելով, որ եթէ շարունակուեն նոյն տեմպերը, մինչեւ 2060 թուականը Հայաստանը կը կորցնի 93,000 կին:
Գրասենեակի տնօրէնը նշած է, որ պատճառները տարբեր են. տղաները կը գերադասուին, հասանելի են սեռը նախապէս գիտնալու եղանակները, եւ զոյգերը կը նախընտրեն քիչ երեխայ ունենալ:
«Սեռերի յարաբերակցութիւնը նաեւ կախուած է նրանից, թէ նորածինն ընտանիքում որերորդ երեխան է: Օրինակ՝ երկրորդ եւ երրորդ երեխայի դէպքում 160 տղայ է ծնւում 100 աղջկայ համեմատ, իսկ այս թիւն ամբողջ աշխարհում ամենաբարձր ցուցանիշն է», յայտնած է ան եւ աւելցուցած, որ Հայաստանի մէջ եթէ նախապէս սեռով պայմանաւորուած յղիութիւնը կ՛ընդհատուէր երկրորդ եւ երրորդ երեխայի պարագային, այսօր լուրջ խնդիր է արդէն առաջին եւ երկրորդ երեխայի պարագային կատարուած այդ արարքը:


Գարեգին Բ. մտահոգութիւն յայտնած է
ամուսնալուծութեան եւ սաղմային վիճակի մէջ աղջիկներու սպանութեան գծով

Անհրաժեշտ է բոլոր հարթակներու վրայ նմանատիպ համաժողովներով, եկեղեցական քարոզչութեամբ, մեծ եւ փոքր քննարկումներով, ընտանիքի աջակցութեան ծրագիրերով, պետական, օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով նպաստել ընտանիքի առողջութեան:


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս մտահոգիչ կը նկատէ ամուսնալուծութիւններու, յղիութեան՝ սեռով պայմանաւորուած արհեստական ընդհատումներու աճը, ժողովրդագրական անցանկալի փոփոխութիւնները:
«Մեր օրերում արագընթաց փոփոխութիւնների, արժէքների անտեսման պայմաններում ընտանիքի աւանդական ընկալմանը հակադրւում են ծնունդ առնող հոսանքները, կենսատեխնոլոգիական միջոցների առաջադրած մարտահրաւէրները, որոնք թափանցում են մարդու կեանքի նուիրական ոլորտը, յատկապէս՝ որդեծնութեան», ըսած է ան՝ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կազմակերպուած «Ընտանիք, հասարակութիւն եւ եկեղեցի. ժամանակակից մարտահրաւէրներ» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին։
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ նախ շեշտած է, որ հայ եկեղեցին մնայուն կերպով բարձր գնահատած է ընտանիքի ամբողջականութիւնը եւ անքննարկելի կարեւորութիւնը ժողովուրդին կեանքին մէջ՝ զայն նկատելով հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու պահպանման հիմնասիւն, հանրային առողջ կենսակերպի ձեւաւորման եւ զարգացման համար անփոխարինելի հաստատութիւն:
Անդրադառնալով գիտաժողովի նպատակներուն՝ ան նշած է, որ անհրաժեշտ է բոլոր հարթակներու վրայ նմանատիպ համաժողովներով, եկեղեցական քարոզչութեամբ, մեծ եւ փոքր քննարկումներով, ընտանիքի աջակցութեան ծրագիրերով, պետական, օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով նպաստել ընտանիքի առողջութեան:
Գիտաժողովը կազմակերպած է Մայր աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակը, անոր կը մասնակցին եկեղեցականներ, գիտնականներ, պետական համապատասխան ոլորտներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:


Հայաստանի մէջ աւելցած է ծնունդներուն թիւը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առաջին ութ ամիսներուն (Յունուարէն Օգոստոս) արձանագրուած է 27,338 ծնունդ, որուն 14,657ը՝ Երեւանի մէջ: Այս տարի՝ 2013 թուականի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով, ծնունդներուն թիւը աւելցած է 920ով: Այս մասին յայտնած են առողջապահութեան նախարարութենէն։
Օգոստոսին Հայաստանի մէջ ծնած է 4179 երեխայ, 2282ը՝ մայրաքաղաքին մէջ: Մարզերէն ամէնէն աւելի ծնունդներ արձանագրուած են Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի եւ Կոտայքի մէջ: