Print
Category: Հայաստան-Արցախ

yerkirmedia.am.- «Արզնի» օդանաւակայանի տարածքին մէջ կատարուեցաւ հրամանատարաշտաբային զօրավարժութիւն` ոստիկանութեան ստորաբաժանումներու եւ ոստիկանութեան զօրքերու մասնակցութեամբ։

Երեք տարի պարբերաբար իրականացող վարժանքներու նպատակը զանգուածային անկարգութիւններու ընթացքին ոստիկանութեան ստորաբաժանումներու փոխհամագործակցութեան, ծառայողներու ունակութիւններու ու հմտութիւններու ամրապնդումն է: Ոստիականութեան պետ, գեներալ-լէյտենանտ Վլադիմիր Գասպարեան այցելեց վարժանքներու ընթացքին անձամբ հետեւելու: «Առաջին անգամ անցկացրեցինք, ես ուղղակի հիասթափուած էի, անցեալ տարի, որ անցկացրեցինք` յոյսս վերականգնուեց»,- անկեղծ կ'ըսէ ոստիկանութեան պետը, աւելցնելով, որ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու, այս տարի ընտրուած էր այլ մարտավարութիւն: «Պէտք է լինել օրէնքով, բայց անհանդուրժող, լինել խիստ, բայց երբեք չստորացնել քաղաքացուն, անխոցելի լինենք մեր վարքագծով, մեր մասնագիտութեամբ, մեր գիտելիքներով... Կարծում եմ, որ մի քիչ էլ զարկ տանք մասնագիտական պարապմունքներուն, մենք անխոցելի կը դառնանք: Ոստիկանութիւնը գործում է յանուն, օրէնքին ծառայելով ենք ծառայում ժողովրդին եւ երբեք մեզնից ոչ մէկը չպէտք է հանդուրժի խժդժումներ, անկարգութիւններ քաղաքում»,- ըսաւ Վլադիմիր Գասպարեանը։
Միջոցառման վերջաւորութեան Ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանի հրամանով խումբ մը ծառայողներ հրամանատարաշտաբային զօրավարժութեան աշխուժ մասնակցութիւն ցուցաբերելու համար խրախուսուեցան մետալներով: