Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան մեկնած է Պասքերու երկիր, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է շրջանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ:

Սան Սեպասթիանի մէջ նախարարը հանդիպում ունեցած է Կիփուզքոա մարզի նախագահ Մարթին Կարիթանոյի հետ՝ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Պասքերու երկրին միջեւ հետագայ համագործակցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Կիփուզքոայի կառավարութեան անունէն Կիփուզքոայի նախագահ Մարթին Կարիթանոն ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը:
«Այս ժողովուրդի տառապանքին պէտք է վերջ դրուի, որովհետեւ անոնք արժանի են ազատ եւ անկախ երկիր ունենալու, որ պիտի երաշխաւորէ ապագայ պետականութեան եւ լեզուի ու մշակոյթի լիակատար պահպանումը», նշած է Կարիթանոն:
Կարէն Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է նաեւ Կիփուզքոայի կառավարութեան մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային համագործակցութեան կառոյցներու հետ, զրուցած է ջրելեկտրակայանի ճարտարապետական ընկերութեան եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ:
Կիփուզքոա մարզը Պասքերու երկրին երեք մարզերէն մէկն է, որուն մայրաքաղաքը Սան Սեպասթիանն է: Ըլլալով Սպանիոյ ամէնէն փոքր մարզը, Կիփուզքոան ունի աւելի քան 700 հազար բնակիչ (պասքերու բնակչութեան մէկ երրորդը): Մարզի տնտեսութիւնը հիմնուած է երեք մարզերու՝ առեւտուրի, մետաղագործութեան եւ զբօսաշրջութեան վրայ: Կիփուզքոան արձանագրած է տարեկան շուրջ 32 հազար եւրոյի մէկ շունչի ինկող համախառն ներքին արտադրութիւն, ինչ որ 28 առ հարիւրով աւելի բարձր է Եւրոպական Միութեան ընդհանուր ցուցանիշէն:
Ասիկա առաջին անգամն է, որ Արցախը ճանաչում կը ստանայ եւրոպական ենթապետական մակարդակով՝ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ եւ Միացեալ Նահանգներու շարք մը նահանգներէ ետք: