Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ Դաշնակցութեան դիրքորոշումին՝ հիմնաւորելով խորհրդարանական կառավարման համակարգին կողմնակից ըլլալու յայտարարութիւնները:

Ըստ անոր, խորհրդարանական կառավարման համակարգին միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ազատիլ գերկեդրոնացուած համակարգէն, որովհետեւ աւելի դժուար է ընդդիմութեան համար պայքարիլ կեդրոնացուած, քան ապակեդրոն եւ հաւասարակշռուած համակարգի մը դէմ: «Այնպէս որ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մարտավարական իմաստով, մեր մօտեցումն է՝ անցնիլ խորհրդարանական համակարգի, ատիկա վաղուց հասունցած է եւ անհրաժեշտութիւն է », ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ռուստամեան համոզում յայտնեց, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը թոյլ չի տար փակ, գաղտնի որոշումներ տալ, անոնք կ՛ըլլան հրապարակային եւ հաւասարակշռուած: Պատասխանելով այն դիտարկման, թէ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ կը համընկնին Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին մօտեցումները, Արմէն Ռուստամեան կարծիք յայտնեց, որ երբ երկրին մէջ կարելի է բան մը իրագործել, միշտ ալ նպաստաւոր դաշտ կրնայ յառաջանալ ոչ միայն ընդդիմութեան, այլ նաեւ իշխանութեան մէջ գործող ուժերուն մօտ: «Պատահական չեմ նկատեր, որ նախագահները իրենց պաշտօնավարման վերջին ժամկէտին մէջ կը համաձայնին նման փոփոխութիւններ իրականացնել: Բոլորդ ալ նկատած էք, որ անոնք, որոնք համակարգին մէջ կը գտնուին, կը դժգոհին այդ համակարգէն, երբ կը յայտնուին այդ համակարգի հարուածներուն ներքեւ: Բոլոր նախագահներն ալ կը դժգոհին համակարգէն, այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ առաջին նախագահը դժգոհ կ՛ըլլայ երկրորդէն ու երրորդէն, երկրորդ նախագահը դժգոհ կ՛ըլլայ առաջինէն ու երրորդէն», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ քաղաքական հասունութիւնը կը պահանջէ երկիրը տանիլ այն ուղղութեամբ, որմէ կը շահի ժողովուրդը, ոչ թէ վախնալ պայքարէն ու յայտնուիլ անտրամաբանական իրավիճակի մէջ:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, եթէ ոչ իշխանական քառեակը յայտարարէ, որ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ ընդունելի է, սակայն սահմանադրական փոփոխութիւնները պէտք է կատարել հետագային, ապա այլ իրավիճակ պիտի յառաջանայ, սակայն քառեակը նման բան չէ յայտարարած: «Մենք կ՛ըսենք՝ եթէ նախագահական աթոռէն հրաժարիք հիմա՝ ընելով այդ փոփոխութիւնները, սակայն անոնք կ՛ըսեն, եկէք այդ փոփոխութիւնները իրականացնենք նախագահական ընտրութիւններէն ետք, ինչ որ կը նշանակէ՝ ձգեցէք քիչ մը մենք նստինք այդ աթոռին, յետոյ կ՛ընենք սահմանադրական փո- փոխութիւնները», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան: Ան շեշտեց, որ չի տեսներ որեւէ դիտաւորութիւն քառեակի երեք ուժերու մօտեցումներուն մէջ, պարզապէս քաղաքական հասունութիւնը կը պահանջէ տալ այլ որոշում՝ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ: