Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՀ ՊՆ զօրամասերէն մէկուն մէջ ծնօտին մահացու հրազինային մարմնական վիրաւորումով Սեպտեմբեր 8-ին՝ ժամը 01:15-ին, յայտնաբերուած է պահակախումբի մէջ իբրեւ ժամապահ ընդգրկուած ժամկէտային զինծառայող, Սամուէլ Սէյրանի Յարութիւնեանը։

Ինչպէս կը հաղորդէ ՀՀ ՊՆ հանրային կապերու ու տեղեկատւութեան վարչութիւնը, զինուորական ծառայողը ծնած է 1992-ին, զօրակոչուած է անցեալ տարի՝ 2013-ին։