Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ֆրանսայի խորհրդարանի ընկերվարական
պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան

2014 թուականը Ֆրանսայի մէջ հռչակուած է Ժան Ժորեսի տարի,  իր մահուան 100րդ տարելիցի կապակցութեամբ

Ֆրանսայի Սոցիալիստական կուսակցութեան առաջնորդ, հայկական իրաւունքների պաշտպան քաղաքական գործչի մահուան տարելիցը Հայաստանի մէջ նշելու համար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Արեւմտեան Եւրոպա եւ Հայաստան) եւ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով, Սեպտեմբեր 4-7 ժամանակահատուածին կայացաւ Հայաստան այցելութիւնը Ֆրանսայի խորհրդարանի Ընկերվարական խըմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Լը Ռոուի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն։
ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանը եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը Ազգային ժողովի սրահներէն մէկուն մէջ հանդիպում ունեցած են լրագրողներու հետ եւ յայտնած թէ «Ֆրանսիայի Սոցիալիստական կուսակցութեան խմբակցութիւնը բազմիցս արտայայտել է իր կարծիքը, եւ դա ես համարում եմ Ֆրանսիայի պաշտօնական դիրքորոշում, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման խնդրում Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է դառնայ բանակցային կողմ», հաստատած է Վահրամ Բաղդասարեան։
2014 թուականը Ֆրանսայի մէջ հռչակուած է Ժան Ժորէսի տարի՝ անոր մահուան 100րդ տարելիցին առիթով. այցելութեան նպատակն էր Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան առաջնորդ, հայկական իրաւունքներու պաշտպան ու քաղաքական գործիչին մահուան տարելիցը Հայաստանի մէջ նշել։
ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարը շատ կարեւոր նկատած է Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ իշխող մեծամասնութիւն կազմող խորհրդարանականներուն Հայաստան այցելութիւնը։
«Ժան Ժորէսը առաջին քաղաքական գործիչներից էր, որն ամենաբարձր ամբիոններից խօսեց Հայկական Հարցի խնդրի մասին: Նա ոչ միայն բարձրաձայնեց, այլ ակտիւ ամենօրեայ աշխատանքով դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ հիմք դնելով համամարդկային շարժումների՝ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան ուղղութեամբ, որ Հայկական Հարցը ոչ միայն հայ ժողովրդի ոտնահարուած իրաւունքների հարցն է, այլ նաեւ համամարդկային նշանակութեան խնդիր է», նշած է Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, թէ մեծ պատիւ է, որ Հայաստան կը գտնուին Ժան Ժորէսի հիմնադրած կուսակցութեան անդամները:

Պատուիրակութեան ընկերակցեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ՝  ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանի:

 

Պրիւնօ Լը Ռոուն յայտնած է, որ իրենց կուսակցութեան անուանի քաղաքական գործիչին՝ Ժան Ժորէսի մահուան հարիւրամեայ տարելիցը լաւ առիթ է՝ արժեւորելու Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները:
Անոր համաձայն՝ մինչեւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն կային հայերու ջարդերը, եւ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժան Ժորէսը բարձրաձայնած է հայերու ջարդերու խնդիրը՝ ըսելով, որ պէտք չէ նման երեւոյթներ արձանագրուին մարդկային պատմութեան մէջ:
Ֆրանսացի երեսփոխանը նշած է, որ իրենց այցելութիւնը նաեւ քաղաքական բնոյթ կը կրէ՝ թէ ինչպէս պէտք է ընթանան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները: «Մենք հաւատարիմ ենք մեր նախագահին՝ Ֆրանսուա Հոլանտի որդեգրած արժէքներուն, որոնց մէջ յատուկ տեղ կը տրուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրւած նախաձեռնութիւններուն: Մենք յոյս ունինք, որ 2015ին կ՛ամբողջանայ այն օրէնքը, որ ընդունուած է 2001ին, եւ քրէականօրէն պիտի հետապնդուին բոլոր անոնք, որոնք կը ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը», հաստատած է Լը Ռուն: Աւելի ուշ Ֆրանսական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին մանրամասն կերպով ներկայացուեցան այն հարցերը, որոնք օրին արծարծած ու հետապնդած էր Ժան Ժորէսը:


ՀՀ Վարչապետը Ընդունած Է Ֆրանսայի Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Ֆրանսայի խորհրդարանի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Լը Ռոուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ ֆրանսացի պատգամաւորներուն այցելութիւնը պիտի նպաստէ հայ-ֆրանսական բազմաոլորտ յարաբերութիւններու ամրապնդման ու ընդլայնման:
Ընդգծելով, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ գործունէութիւն ծաւալած են ֆրանսական 180 ընկերութիւններ՝ Յովիկ Աբրահամեան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային այդ թիւը աւելնայ։ Վարչապետը եւ Պրիւնօ Լը Ռոուն յայտնած են, որ Հայաստան կրնայ հարթակ հանդիսանալ ֆրանսական ընկերութիւններուն՝ եւրասիական շուկայ մուտք գործելու համար:
Ըստ Պրիւնօ Լը Ռոուի՝ իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի զարգացմամբ ու պատրաստ է հետագային եւս համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել այդ գործին:
Պրիւնօ Լը Ռոուն Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին կարեւոր նկատած է նաեւ հայ-ֆրանսական միջխորհրդարանական կապերու սերտացումը՝ միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ անհրաժեշտ աշխատանքներ տանելու համար:
Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսացի խորհրդարանականներուն՝ իրենց դիրքորոշման համար եւ ընդգծած, որ եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան նման ոճրագործութիւնները ժամանակին չդատապարտուին, ապա անպայման անոնք պիտի ունենան կրկնուելու հաւանականութիւն:
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ընդգծած անոր լուծման անհրաժեշտութիւնը խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ։