Print
Category: Հայաստան-Արցախ


Աշխարհի մէջ ամենաերկար ուղեւորատար յետադարձելի «Տաթեւեր» ճոպանուղին մէկ տարեկան է: Ճոպանուղիի «Հալիձոր» կայանի սպասասրահին մէջ հրաւիրած ասուլիսի ժամանակ՝ ճոպանուղիի տնօրէնը ներկայացուց  ճոպանուղիի մէկամեայ աշխատանքը եւ իրականացած ծրագիրները:


Ճոպանուղին հանրային գործարկման առաջին օրէն՝ 23 Հոկտեմբեր 2010էն մինչեւ օրս սպասարկած է մօտ 70.000 ուղեւոր, որուն աւելի քան 10%ը յարակից գիւղերու բնակիչներ են, որոնք ճոպանուղիէն օգտուած են անվճար: Անցեալ տարուան ընթացքին ճոպանուղիի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը յատկապէս մեծ եղած է տօնի եւ հանգիստի  օրերուն, երբ  ճոպանուղին սպասարկած է օրական 700- 800 ուղեւոր:
Ճոպանուղիի շահագործման ամբողջ ընթացքին իրականացած է ամենօրեայ մանրակրկիտ ճարտարագիտական սպասարկում անձնակազմի եւ ճոպանուղին կառուցած զուիցերիացի մասնագէտներու կողմէ՝ ճոպանուղիի շահագործումը եւ ճարտարագիտական պայմանները բացարձակապէս  անվտանգ պահելով: Ընթացիկ տարին իրականացած է ճոպանուղիի ճարտարագիտական զննում ՀՀ «Ճարտարագիտական անվտանգութեան ազգային կեդրոն»ի  կողմէ, որուն իբրեւ արդիւնք «Տաթեւեր»ը ճանչցուած է որպէս ճարտարագիտականօրէն բացարձակ  սարք  եւ անվտանգ շահագործուող կառոյց: Յառաջիկային կը նախատեսուի իրականացնել եւս մէկ զննում, այս անգամ արդէն զուիցերիական եւ ճոպանուղիներու շահագործման եւրոպական անկախ այլ փորձագիտական յանձնախումբի մը կողմէ:
Ճոպանուղիի անձնակազմը պարբերաբար մասնակցած է վերապատրաստման՝ դառնալով աւելի փորձառու թէ՛ ճարտարագիտական շահագործման, եւ թէ՛ ուղեւորներու սպասարկման ոլորտին մէջ:
Ողջ տարուան ընթացքին, շահագործման գործընթացին զուգահեռ, իրականացած են ճոպանուղիի երկու կայաններու յարակից տարածքներու  բարեկարգման եւ կանաչապատման աշխատանքներ, տեղադրուած են տեղեկատուական եւ այցելուներու եռալեզու ուղեցոյց-վահանակներ, աւելի քան 50 նստարաններ եւ աղբամաններ՝ տարածքը դարձնելով աւելի յարմարաւէտ այցելուներու եւ ուղեւորներու համար: Ճոպանուղիի «Տաթեւ»  կայանին մէջ տեղադրուած են եւ շուտով շահագործման «Տաթեւեր» ու «Հալիձոր»  կայանի յարակից տարածքին կառուցուած եւ շահագործման համար պատրաստ է սպասասրահ - սրճարանը, որ նախատեսուած է ուղեւորներու  եւ այցելուներու հանգիստի եւ սպասման յարմարաւէտ կազմակերպման համար:
«Տաթեւի թեւեր»  ճոպանուղին ոչ միայն զբօսաշրջութեան զարգացման լաւ հնարաւորութիւն է, այլ նաեւ ստեղծած է աշխատատեղ յարակից համայնքներու բնակիչներուն համար: Այսօր ճոպանուղին եւ նորաբաց սրճարան-սպասասրահը ունին 55 աշխատող, որոնք յարակից համայնքներու եւ Գորիսի բնակիչներ են: