Print

Արցախեան պատերազմի վեթերանները հաճելի անակնկալ մը մատուցեցին գնդապետ Վ. Յովսէփեանի հրամանատարութեամբ գործող զօրամասին՝ դիրքապահ զինուորներուն նուիրելով գերմանական հովուաշան զտարիւն երկու ձագ:

Հայաստանցի եւ Քանատայի Քեպէք  նահանգի հայկական համայնքի բարեգործները մտադիր են տարուայ  ընթացքին  դիրքապահներու «զինանոցը» համալրել պահակային ազնուացեղ  մի քանի տասնեակ շուներով եւս:

Զօրամասէն ներս մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցան երկու շնիկները,  իսկական իրարանցում ստեղծելով երիտասարդ զինուորներուն մօտ, որոնք  անմիջապէս սիրով ու հոգատարութեամբ շրջապատեցին իրենց վաղուայ  անփոխարինելի օգնականները: Անսպասելի ու թանկարժէք նուէր մըն էր:
Շուներու ներկայութիւնը զօրանոցէն ներս մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ հետախուզական աշխատանքներու եւ սահմաններու պահպանման գործին:  Ինչպէս ծանօթ է, շատ երկիրներու զինուած ուժերուն մէջ  շուները անփոխարինելի «գործընկերներ» են, եւ անշուշտ լաւագոյն ընկերներ: