Սեպտեմբեր 3-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Արժանթինի փոխ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտօ Անտոնիօ Սուաինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Երեւան ժամանեց արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններ ունենալու նպատակով։
Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Նալբանդեան ընդ- գծեց, որ Յուլիսին ՀՀ նախագահի՝ Արժանթին կատարած պաշտօնական այցելութիւնը նոր թափ հաղորդեց տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան, եւ վստահութիւն յայտնեց, որ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները համատեղ ջանքերով կեանքի կը կոչուին։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ փոխ արտաքին գործոց նախարար Սուաինը ընդգծեց, որ Արժանթինը կը ցանկայ խորացնել Հայաստանի հետ բազմաբովանդակ համագործակցութիւնը, եւ այդ առումով կարեւոր նկատեց պարբերական բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները։
Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ կազմակերպուած հայ համայնքի առկայութիւնը Արժանթինի մէջ մեծապէս կը նպաստէ Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ ստեղծուած բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման:
Երկուստեք գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ մուտքի արտօնագրային համակարգի բացակայութիւնը, հարուստ իրաւապայմանագրային դաշտի առկայութիւնը, երկու երկիրներու մայրաքաղաքներու քոյր-քաղաքներ հանդիսանալը կարեւոր գործօն են՝ երկկողմ համագործակցութեան խորացման համար։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-արժանթինական յարաբերութիւններու զարգացման ուղիներու շուրջ, կարեւոր նկատուեցաւ համագործակցութեան սերտացումը միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումը, ապակեդրոնացած փոխ գործակցութեան ամրապնդումը, գիտական, կրթական, մշակութային փոխանակումներու աշխուժացումը։
Աւարտին համաձայնագրեր ստորագրուեցան ուսումնական հաստատութիւններու միջեւ: