Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Էդուարդ Նալբանդեան  Ազգային ժողովին մէջ  լրագրողներուն  հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին  յայտարարեց, որ Հայաստանի համար «արտաքին ոչ մէկ  վտանգաւոր զարգացում կայ»: Նալբանդեան խորհրդարանին մէջ կը  մասնակցէր արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին  կողմէ կազմակերպուած դռնփակ քննարկման՝  «արտաքին քաղաքականութեան առնչուող տարբեր խնդիրներու շուրջ»:
Քննարկումէն  ետք  նախարար Նալբանդեան  եւ պատգամաւորները մերժեցին բացայայտել շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած քննարկման բովանդակութիւնը: Խորհրդարանականները միայն կը նշէին, որ քննարկուած են Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առնչուող տարբեր հարցեր:
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի աղբիւրներուն, մէկուկէս ժամուան  ընթացքին  արտաքին գործոց նախարարը պատասխանած  է միայն չորս հարցումի: