Թուրքիոյ նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է նախագահի ընտրութեան փաստով: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին երէկ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան: Թէ ի՞նչ պիտի տայ Հայաստանին այդ մասնակցութիւնը, Շաւարշ Քոչարեան, ըստ էութեան, յստակ պատասխաններ չտուաւ: Ան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ նախագահի երդման պաշտօնական արարողութիւն նախապէս երբեք չէ եղած, որովհետեւ մինչ այդ Թուրքիոյ նախագահը կ՛ընտրուէր խորհրդարանին կողմէ: Առաջին անգամն է, որ ուղղակի ընտրութիւն կատարուած է, ուրեմն առաջին անգամն է, որ դրացի երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ այդ արարողութիւնը: Քոչարեան նշեց, որ Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութեան ալ Թուրքիա մասնակցած է Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի մակարդակով:
Երբ լրագրողները հետաքրքրուեցան, թէ ի՞նչ լուրեր կան հայ-թրքական սահմանի բացումէն, Շաւարշ Քոչարեան հակիրճ պատասխանեց. «Լուրեր չկան»: Ան լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նաեւ անդրադարձաւ Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման փաստին՝ նշելով, որ ատիկա չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ նման բանաձեւերու ընդունումով կը սկսի Արցախի խնդիրի լուծումը: