Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն տրուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ երէկ այցելութիւններ տուաւ Ստեփանակերտի «Մետաքսկոմպինաթ» գործարան, «Սարթիս» իտալական ընկերութեան հիմնադրած «Կրէյթ փարթնըրշիփ» ընկերութեան նորաբաց կարի գործարան եւ այլ տեղեր:
Ապա նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան այցելեցին Մարտակերտի շրջանի Չափար գիւղ, ուր ներկայ  գտնուեցան գիւղի նորակառոյց դպրոցի բացման արարողութեան: Չափարի նախկին դպրոցը, որ 1990-ականներու սկիզբը պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին  զգալիօրէն վնասուած էր եւ կը գործէր մասնակի վերանորոգումէն ետք, այսօր արդէն փոխարինուած է նոր եւ բարեկարգ երկյարկանի դպրոցով, ուր բաղդատաբար անցեալ ուսումնական տարեշրջանին հետ աւելցած է նաեւ աշակերտներուն թիւը. 84 աշակերտի համար նախատեսուած ուսումնական այս հաստատութեան մէջ սեպտեմբերէն սկսեալ դպրոց կը յաճախէ 53 աշակերտ:
Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները Չափարի մէջ նաեւ ծաղիկներ զետեղեցին եւ խոնարհեցան արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ:
Հայկական երկու հանրապետութիւններուն նախագահները Կիրակի օր այցելած են Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ գիւղ եւ ծանօթացած ձէթի գործարանի աշխատանքներուն:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Շուշիի երկրաբանական թանգարանի բացման հանդիսութեան, իսկ երեկոյեան՝  Շուշիի ամրոցին մէջ տեղի ունեցած Աւետ Տէրտէրեանի «Կրակէ օղակ» օփերայի արցախեան առաջին ելոյթին, որ նուիրուած էր Արցախի անկախութեան օրուան եւ անուանի երաժիշտ Աւետ Տէրտէրեանի ծննդեան 85-ամեակին:


Սերժ Սարգսեան ու Բակօ Սահակեան այցելեցին Ստեփանակերտի «Մետաքսկոմբինատ»

Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 1-ին այցելեցին Ստեփանակերտի «Մետաքսկոմբինատ» ՍՊԸ եւ ծանօթացան հիմնարկի աշխատանքներուն:
Նախագահները գտնուեցան «Սարտիս» իտալական ֆիրմայի կողմէ հիմնադրուած «Գրէյթ փարթներշիփ» ընկերութեան նորաբաց կարի արտադրամաս, որը կþունենայ աւելի քան 450 աշխատատեղ: Նախագահ Սահակեանը կարեւոր նկատեց նման արտադրութեան հիմնադրումը՝ նշելով, որ այն կը հանդիսանայ միջազգային համագործակցութեան յաջողած օրինակ եւ թոյլ կուտայ որակեալ արտադրանք հանել թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին շուկայ: Նախագահներուն կþուղեկցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը ու պաշտօնատար այլ անձեր: «yerkir.am»