Արցախի մէջ Սեպտեմբեր 1-ը սպասուած տօներէն մէկն է։ ԼՂՀ¬ի մէջ Գիտելիքի, գիրքի եւ դպրութեան օրուան մշտապէս մեծ ուրախութեամբ կը պատրաստուին։ «Արմէնփրէս»ին հետ զրոյցին ընթացքին ԼՂՀ Կըրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սլավա Ասրեանը նշեց, որ այս տարի Արցախի 219 դպրոցներ առաջին անգամ պիտի յաճախեն 2400 փոքրիկներ։ «Նախորդ տարուան համեմա- տութեամբ՝ 150-ով աւելի առաջին դասարանցի ունենք։ Ընդհանրապէս, վերջին հինգ տարիների ընթացքում առաջին դասարանցիների ընդունելութեան աճ է գրանցւում։ Եթէ 5 տարի առաջ եղել է 1800-1900 երեխայի ընդունելութիւն, ապա վերջին երկու տարում արդէն 2000-ից աւելի աշակերտներ ենք ընդունում։ Յաջորդ տարի երեւի թէ 2500-ից աւելի աշակերտներ ընդունենք», նշեց Սլավա Ատրեանը։
Այս եւ յաջորդ տարուայ ընդունելութիւններու աճը ԼՂՀ ԿԳ նախարարը կը պայմանաւորէ «Ղարաբաղեան մեծ հարսանիքով», երբ 2008 թուականին Արցախի մէջ միանգամով գրեթէ 700 ընտանիքներ կազմուեցան։ Այդ ծրագիրը աննախադէպ էր ոչ միայն Արցախի, այլեւ տարածաշրջանի համար։ Այդ ամուսնութիւններէն ետք ծնած երեխաները արդէն կը սկսին դպրոց յաճախել։
Սեպտեմբեր մէկը տօն է նաեւ արցախցի ուսանողներու համար, որոնք առաջին անգամ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ պիտի յաճախեն։ Արցախի մէջ այսօր ունինք երկու պետական բուհ՝ Արցախի պետական համալսարանը եւ Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարանի Ստեփանակերտի մասնաճիւղը։ Ունինք նաեւ երեք ոչ պետական բուհեր», նշեց ԿԳ նախարարը։
Արցախի մէջ հայալեզու առաջին դպրոցը Ամարասի վանքին մէջ հիմնած է Մեսրոպ Մաշտոցը։ Հետագային բացուած են այլ վանքերու կից դպրոցներ։ Կրթական համակարգը լուրջ վնաս կրած է արցախեան պատերազմի տարիներուն, որու ընթացքին ամբողջութեամբ այրած կամ աւերուած են 49 դպրոց, 29 նախադպրոց, հիմնարկ եւ 50 գրադարան։ ԼՂՀ կրթութիւնը նոր վերելք կþապրի անկախութենէն ետք։ 2006-2007 ուսումնական տարուանէ Արցախի դպրոցները անցած են 12-ամեայ եռաստիճան միջնակարգ կրթութեան։